Ամերիկեան առեւտրական ծովային ընկերութիւններու նաւերը Եմէնի հիւսիսի մեծ մասը վերահսկող «Անսար Ալլահ» (հուսիներ) շարժման ռազմական թեւին թիրախ պիտի դառնան, եթէ փոխգործակցին Իսրայէլի նաւահանգիստներուն հետ, հակառակ Ուաշինկթընի հետ աւելի վաղ ձեռք բերուած հրադադարին։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է խմբաւորման քաղաքական գրասենեակի անդամ Մուհամմատ ալ-Պուհէյթը՝ շեշտելով, որ այս մէկը պէտք չէ ազդէ Միացեալ Նահանգներու հետ գոյացած համաձայնութեան պահպանման վրայ։
Յուլիս 27-ին, հուսիներու ռազմական խօսնակ Եահիա Սարին յայտարարած է, որ շարժումը պիտի յարձակի Իսրայէլի նաւահանգիստներու հետ համագործակցող իւրաքանչիւր ընկերութեան նաւերուն վրայ՝ անկախ անոնց նշանակման կէտէն կամ պատկանելի երկրէն։
«Մենք պարտաւորուած ենք ընդլայնել մեր գործողութիւնները՝ ի սատարում պաղեստինեան ժողովուրդին, եւ ընդվզիլ այն միջազգային նաւերուն դէմ, որոնք գործակցութիւն կ՚ունենան Իսրայէլի հետ, ներառեալ ամերիկեան նաւերը։ Այս բոլորը կ՚ըլլայ՝ Կազայի շրջափակումը վերջացնելու եւ զանգուածային ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու մեր յանձնառութեան շրջանակին մէջ», — ըսած է ան։
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ այս քայլերը չեն խախտեր Միացեալ Նահանգներու հետ կնքուած հրադադարի պայմանաւորուածութիւնները, որոնք շարժումը կը շարունակէ յարգել։
Նշենք, որ Մայիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր, որ Օմանեան միջնորդութեամբ հուսիներուն եւ ամերիկեան նաւատորմին միջեւ 1.5 տարի տեւած հրթիռակոծումներէն ետք, հրադադար ձեռք բերուած էր։