Աշխարհը նոյնիսկ կը մնայ շըւար,
Կը դիտէ ամբողջ ռազմերը սոսկում,
Կը տեսնէ անխիղճ սրտերը դժուար,
Խանդանքը մարդոց, մտքերն անպատում։
Ոչ մի օր կեանքին՝ բնաւ չէ հանգչած,
Միշտ ապրած է ցաւ ու վշտեր անհուն,
Պառաւ տարիքին դեռ չէ հասկցած
Թէ ինչո՞ւ մարդը խորթ է այլ մարդուն։
Անհաշտ վիճակին՝ ան խենթ է դարձած,
Կը թողու մրկեն զինք ցաւերն անհուն,
Ու յանկարծ խելառ՝ ծովով փոթորկած,
Կը լուայ կեանքեր խեղճ ու աննկուն։
Տարտամ իր տեսքին՝ կ'արտասուէ ապշած,
Կը զգայ յանցաւոր անպէտք մեղքերուն,
Ու կ'աղաչէ քեզ հզօ՛րըդ Աստուած,
Որ սերմանես սէր դժոխք սրտերուն։
ԿԱՅԼԱԿ
«Կրակ Ու Սէր» գիրքէն
(Նոյ. 18, 2012)