image

Շնորհակալ եմ իւրաքանչիւրիդ հպարտութեան այս մեծ զգացումն ինծի պարգեւելու համար. Ազնաւուր

Շնորհակալ եմ իւրաքանչիւրիդ հպարտութեան այս մեծ զգացումն ինծի պարգեւելու համար. Ազնաւուր

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Ազնաւուր» հիմնադրամէն, աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրը բաց նամակ յղած է հայրենակիցներուն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Հայաստանի մէջ գտնուող իմ շա՜տ սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, Կը շնորհաւորեմ ձեզ, որ կրցաք առանց արեան, բռնութեան, արժէքներու ոտնահարման անցում ապահովել երկրին մէջ մէկ այլ իրողութեան: Քաղաքացիական անհնազանդութեան օրերուն եւս դրսեւորեցիք արժանապատիւ ու մարդասիրական կեցուածք` լուծում առաջարկելով ծագող խնդիրներուն այնքան սահուն ու արագ, կարծես ատիկա  դիւրին էր: Սա զարմացուց եւ մտածելու տեղի տուաւ շատ այլ երկիրներու կառավարութիւններու: Մեզի` սփիւռքի հայերուս համար մեծ հպարտութիւն էր ցոյց տալ աշխարհին, որ կայ  փոքր երկիր մը, որուն քաղաքացիները բացառիկ իմաստնութիւն եւ մարդասիրութիւն դրսեւորեցին` ապացուցելով, որ բռնութիւնը խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման տանող ճանապարհ չի կրնար ըլլալ:

Մեր պատմութեան ընթացքին շատ դժուարութիւններ ունեցած ենք: Հիմա կը բանանք երջանկութեան, իմաստնութեան եւ սիրոյ էջը: Դուք յաջողեցաք ապացուցելու, որ մեր ազգն ունի գիտակցութեան բարձր աստիճան, եւ որ մեր երկրին համար առաջնահերթ է ու միշտ ալ պէտք է առաջնահերթ մնայ ամենակարեւորը` միաւորումը: Այս միաւորումն է, որ թոյլ կու տայ ապահովել երկրի բարեկեցութիւնը եւ քաղաքացիներուն միջեւ բարեացակամ վերաբերմունքը: Դուք յաջողեցաք  ապացուցելու, որ հնարաւոր է ապրիլ միաւորուած եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով: Մենք` հայերս, կրցանք ցոյց տալ, որ «ժողովուրդ», «հայրենիք», «դրօշ», «մշակոյթ», «կրօն» եւ «ընտանիք» բառերը մեր արժէքներն են: Եւ որ իւրաքանչիւր հայ իր երկրին մէջ ունի հաւասար իրաւունքներ ու ազատութիւններ:

Ես, հաւանաբար, աշխարհի հայերէն ամենաֆրանսացին եմ, սակայն ես հպարտ եմ իմ Հայաստանով եւ երբեք չեմ թաքցուցած ատիկա: Շնորհակալութիւն հայ ժողովուրդին` աշխարհին մեր մարդասիրութիւնը ցոյց տալու համար․ Հայաստանը մեծ է իր արժէքներով: Օրինա՛կ ըլլանք բոլոր անոնց համար, որոնք տարբեր են, գուցէ նաեւ` ոչ այնքան բաց փոփոխութիւններու առջեւ: Եկէք առաջ ընթանանք նոյն ճանապարհով: Վստահ եմ` այն լաւագոյնն է մեր ազգի եւ ժողովուրդի ապագայի համար: Շնորհակալ եմ իւրաքանչիւրիդ հպարտութեան այս մեծ զգացումն ինծի պարգեւելու համար:

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»: