Իսրայէլ «Համաս» պաղեստինեան շարժման մէկ շաբաթ տուած է հրադադարի առաջարկն ընդունելու համար, հակառակ պարագային երկիրը ռազմական գործողութիւն պիտի սկսի Կազայի հատուածի Ռաֆահ քաղաքին մէջ:
Այս մասին յայտնած է «The Wall Street Journal»-ը ՝ յղում ընելով իր աղբյուրներին:
Աւելի վաղ պարբերականը յայտնած էր, որ Կազայի հատուածին մէջ «Համաս»-ի առաջնորդ Եահիա Սինուարը չի համաձայնիր Իսրայէլի հետ հրադադարի մասին գործարքին, եթէ այն չպարունակէ պատերազմն աւարտելու յուսալի ծրագիր:
Ինչպէս նշած է պարբերականը, վերջին առաջարկը կը նախատեսէ մինչեւ 40 օր տեւողութեամբ հրադադարի նախնական շրջան, որու ընթացքին «Համաս»-ը ազատ պիտի արձակէ մինչեւ 33 պատանդներ՝ երկարաժամկէտ հրադադարի շուրջ հնարաւոր հետագայ բանակցութիւններով:
Յաջորդ փուլերը պիտի ներառեն առնուազն վեցշաբաթեայ հրադադար, որու ընթացքին «Համաս»-ը եւ Իսրայէլը պիտի պայմանաւորուին պատանդները ազատելու եւ ռազմական գործողութիւններու դադարը երկարացնելու մասին, որ կրնայ տեւել մինչեւ մէկ տարի: