image
Հրատապ լուրեր:

Շնորհահանդէս Սասուն Գրիգորեանի «Smart Nation A Blueprint For Modern Armenia» Գիրքին

Շնորհահանդէս Սասուն Գրիգորեանի «Smart Nation A Blueprint For Modern Armenia» Գիրքին

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց թեմին Առաջնորդ, Տէր Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ եւ Աւստրալիոյ Համազգայինի Գրական-Գեղարուեստական Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, 27 Սեպտեմբերին, Ուիլուպիի Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Սասուն Գրիգորեանի «Smart Nation A Blueprint for Modern Armenia» գիրքի շնորհահանդէսը, որ տպագրուած է Լոնտոն Կոմիտաս Ինսթիթութի կողմէ: Գիրքը ներկայացուց Դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեան:

Երեկոյին խօսք առնելով, գիրքին հեղինակը յայտնեց, թէ իր մօտեցումը Հայաստանի վերաբերող հարցերուն եղած է գիտական, գործնական եւ փրոֆէսիոնալ:

Նշենք, որ Սասուն Գրիգորեան աշխատած է որպէս խորհրդատու Նիւ Սաութ Ուէյլսի նահանգի վարչապետի մը, եւ բազում միջազգային ընկերութիւններու, որոնց ընդհանուր եկամուտը աւելի է քան Հայաստանի «Gross Domestic Product»ը: