image

Կիսուած Գաթան ու «Կեաւուր»ը

Կիսուած Գաթան ու «Կեաւուր»ը

Այս դէպքը այնքան խռոված էր իմ մանուկ հոգիս, որ յաճախ հարց կուտայի. «Ո՞ւր էր  այդ ալեհեր, լուսաւոր եւ կապուտաչեայ ծերունին, որ բաշխած էր մեծ հօրս՝ Լեւոնին կեանքը, բայց թերացած էր փրկելու հինգ զաւակներու հայր՝ Յարութիւն Էֆէնտիին կեանքը:

Ես հասակ առի եւ իմացայ, որ Յարութիւն Էֆէնտին միայն մէկն էր ցեղիս մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի «կեաւուր»ներէն, որոնք ենթարկուած էին զանգուածային գողգոթայի…: Հասակիս հետ ծաւալեցան ցաւս, ընդվզումս  եւ ատելութիւնս, յատկապէս, երբ ծանօթացայ  դահիճին՝ «թուրքին աստուածին» ու անոր կրօնական քարոզչութեան: Ինչպիսի՞ անողոք ու խորթ աստուած մըն է ան, որ կրօնի անունով սրբազան պատերազմներ կը հռչակէ,  ցեղասպանութիւն կը կազմակերպէ, ոճիրներ ու կեղեքումներ կ՚արտօնէ, որպէս վարձատրութիւն անասնական կիրքեր կը հրահրէ եւ «դրախտային փերիներ» կը խոստանայ:

Այդ գիշեր՝ յուսալքուած Նուրիձան եւ Յարութիւնը ծնկադիր աղօթեցին Աստուծոյ՝ աղաչելով, որ Ան բուժէ իրենց սիրելի զաւակը՝ Լեւոնը, որուն առողջական վիճակը գրեթէ անյոյս էր եւ իրենց միակ յոյսը՝ հրաշքի մը արարումն էր: Լեւոն վարակուած էր ծաղկախտով եւ բարձր ջերմութեամբ կը տքար: Ցաւոտ բշտիկները պատած էին անոր ամբողջ մարմինը, դէմքը եւ առաւելաբար աչքերը: Անողոք համաճարակը՝ ծաղկախտը, բազմաթիւ երեխաներու կեանքերը հնձած էր ու տակաւին կը շարունակէր իր մահագուշակ «մանգաղով» հնձել դեռատի ու անմեղ մանուկներու կեանքերը։

-Նուրիձա ե՛լ, ե՛լ, արթնցի՛ր: կ՚ուզեմ երազս պատմել:

-Բարի՛ն ըլլայ, Յարութիւն, միայն բարի՛ն։

Կ՚աղաչեմ լաւ բան մը ըսէ, թող սիրտս խաղաղի:

-Նուրիձա՛, Աստուած լսեց մեր աղօթքը, Ան պիտի բաշխէ Լեւոնին կեանքը, բայց...:

-Բայց ի՞նչ, Յարութիւն, ըսէ՛, խօսէ՛:   Պռունքշլայի Յարութիւն Էֆենտին՝ քաղաքապետարանին բարձրաստիճան պաշտօնեան, երկաթի ու կաշիի գործարանատէր, լայնատարած այգիներու սեփականատէր, մեծահարուստ Հայը, այսօր իր ամբողջ ունեցուածքով անզօր  դարձած էր դիմադրելու ծաղկախտին սպառնացած վտանգին եւ իր որդին կորսնցնելու սարսափին։ Բարեբախտաբար, տիպար ու բարեպաշտ Քրիստոնեայ մը ըլլալով, ան իր զաւակին բուժումը վստահած էր Աստուծոյ:

-Նուրիձա՛,  երազիս մէջ ալեհեր ծերունի մը երեւցաւ, որուն դէմքէն լոյս կ՚արտացոլար, ան խորհրդաւոր եւ կապոյտ աչքեր ունէր եւ մեր եկեղեցւոյ պատին նկարուած Յիսուսին կը նմանէր։ Ան մօտեցաւ ինծի, բարեգութ հօր մը պէս ձեռքը ուսիս վրայ դրաւ ու ըսաւ. «Յարութիւն տղաս, մի՛ տխրիր։ Ա՛ռ այս գաթան, քուկդ է»: Երբ ձեռքս երկարեցի, որ վերցնեմ  գաթան, ծերունին պահ մը ձեռքը ետ քաշեց, գաթան երկուքի կիսեց ու ինծի միայն մէկ կէսը տուաւ: Ես այնպէս մեկնեցի երազս, որ Աստուած պիտի առողջացնէ Լեւոնը, սակայն իր զոյգ աչքերէն մէկը պիտի կորսնցնէ իր լոյսը…։

Յարութիւն Էֆենտիին  մեկնաբանութիւնը իրաւացի էր։ Կիսուած գաթան կը խորհրդանշէր միականի Լեւոնը՝ իմ մեծ հայրս:

Անկարելի է, որ Ապրիլ ամիսը դիմաւորեմ եւ առաւելաբար չյիշեմ ցեղասպանութեան  արհաւիրքէն վերապրած մեծ հայրս ու մեծ մայրս: Շատ յաճախ Ապրիլ ամսուան համընկնող Զատիկը իր անուշաբոյր գաթաներով կը յիշեցնէ միւսներէն զանազանուող՝ կիսուած գաթան...:

Մեծ հայրս 1903-ի ծնունդ էր, ան ինծի համար  յիշատակարան մըն էր՝ հանգրուանի մը, որուն ան ականատես դարձած էր ու մանրամասնօրէն կը պատմէր իր անմիջական հարազատներուն եւ հայրենակիցներուն  ապրած տաժանքները։ Ես մանուկ հասակէս ճանչցած էի իր կացնահարուած ու գլխատուած հօրեղբայրը…, անոր դիակը չլքող հաւատարիմ շունը, որ օրեր ետք սովամահ փռուած էր իր տիրոջ կողքին։

Դժուար թէ կարենամ նկարագրել մեծ հօրս մորմոքը, ցաւը, ընդվզումը..., երբ ան կը պատմէր իր հօր՝ Յարութիւն Էֆէնտիին եղերականը՝ այս խօսքերով.

-24 Ապրիլ 1915-ին մեր տան շեմին յայտնուեցաւ թուրք ոստիկան մը, ան սարսափազդու տեսք ունէր՝ սեւ ոլորուած պեխերով, անհարթ մաշկով եւ զայրացկոտ աչքերով։ Ան իր Խռպոտ ձայնով հրամայեց, որ հայրս անմիջապէս քաղաքապետարան ներկայանայ: Ես չիմացայ, թէ ինչո՞ւ հայրս այդպէս այլայլեցաւ, ապա խիստ

վրդովեցաւ...: Ան ընդոստ դիմեց մօրս՝ ըսելով. «Նուրիձա՛, կանչէ՛ երեխաները. Նեւրիկը, Գարեգինը, Լեւոնը, Հայկունին եւ Ազատուհին թող գան եւ կայնին դրան շեմին»: Մենք հնազանդեցանք հօրս ցանկութեան առանց իմանալու դրդապատճառը անոր անակնկալ կանչին:

Հայրս մեզի յաճախ կը փաթթուէր, կը համբուրէր, բայց այդ օրը այնքան պինդ սեղմեց ու համբուրեց, որ մենք  բնազդաբար զգացինք հօրս ողջագուրման տարբերուող

«ոճը»:Ան նոյնպէս փաթթուեցաւ մօրս, կրկին ու կրկին համբուրեց անոր այտերն ու  ճակատը: Մենք չիմացանք թէ մօրս ականջին ի՞նչ փսփսաց, բայց տեսանք մօրս թախծոտ արցունքները: Վերջապէս հայրս իր ձին հեծաւ ու սկսաւ դանդաղօրէն յառաջանալ:

Մենք ապշահար կը հետեւէինք հօրս շարժումներուն, ան երբեմնի խրոխտ ու սլացիկ վարորդը չէր, այլ տեսակ մը չկամ ու մեղկացած մարմնով կը վարէր իր ձին:

Կարծես, թէ անյայտ ուժ մը կ՚արգիլէր իր ընթացքը ու ան անընդհատ ետեւ կը դառնար ու մեզ կը դիտէր: Կամաց- կամաց մեղմացան ու լռեցին ձիուն սմբակներուն դոփիւնը եւ անհետացաւ մեզ դիտող հօրս ուրուականը:

Մայրս դառնօրէն կը հեկեկար եւ կուրծքը կը ծեծէր: Անոր ծունկերը կը կթոտէին ու հազիւ ինքզինք կը շալկէր: Յանկարծ աշխարհը մթագնած էր մօրս տեսահորիզոնին մէջ...:

Շատ չանցած մենք իմացանք, որ մեր հայրը սպաննուած էր քաղաքապետարանին դրան առջեւ։ Թուրք ոստիկանը իր ատրճանակը ուղղած էր հօրս եւ « կեաւուր, կեաւուր» բացագանչելով՝ կրակած էր անոր կուրծքին:

Ինչպէ՞ս կարելի էր հօրս «կեաւուր» կոչել, զայն անհաւատ անուանել: Ես վստահ էի, որ եթէ հօրս ինքնապաշտպանութեան առիթ տրուէր, ան ինքնավստահ ու հաստատակամ պիտի ըսէր. « Ես հաւատացեալ Քրիստոնեայ մըն եմ եւ կը հաւատամ Աստուծոյ մը, որ սիրոյ, գթութեան, բարութեան...Աստուած է»:

Այս դէպքը այնքան խռոված էր իմ մանուկ հոգիս, որ յաճախ հարց կուտայի. «Ո՞ւր էր  այդ ալեհեր, լուսաւոր եւ կապուտաչեայ ծերունին, որ բաշխած էր մեծ հօրս՝ Լեւոնին կեանքը, բայց թերացած էր փրկելու հինգ զաւակներու հայր՝ Յարութիւն Էֆէնտիին կեանքը:

Ես հասակ առի եւ իմացայ, որ Յարութիւն Էֆէնտին միայն մէկն էր ցեղիս մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի «կեաւուր»ներէն, որոնք ենթարկուած էին զանգուածային գողգոթայի…: Հասակիս հետ ծաւալեցան ցաւս, ընդվզումս  եւ ատելութիւնս, յատկապէս, երբ ծանօթացայ  դահիճին՝ «թուրքին աստուածին» ու անոր կրօնական քարոզչութեան: Ինչպիսի՞ անողոք ու խորթ աստուած մըն է ան, որ կրօնի անունով սրբազան պատերազմներ կը հռչակէ,  ցեղասպանութիւն կը կազմակերպէ, ոճիրներ ու կեղեքումներ կ՚արտօնէ, որպէս վարձատրութիւն անասնական կիրքեր կը հրահրէ եւ «դրախտային փերիներ» կը խոստանայ:

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...