Հակափտածութեան հասարակական միութիւնը՝ Şəffaflıq Azərbaycan-ը («Թափանցիկութիւն Ատրպէյճան»), որ հանդէս կու գայ որպէս Transparency International կազմակերպութեան ատրպէյճանական մասնաճիւղ, պիտի լուծարուի։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Transparency International-ը մեղադրած են կողմնակալ, ոչ համապարփակ ուսումնասիրուած դիրքորոշում ցուցադրելու համար:
Նշուած է, որ Şəffaflıq Azərbaycan կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 2000 թուականի հոկտեմբերին, Transparency International-ի մէջ հաւատարմագրուած է որպէս լիարժէք տեղական բաժանմունք, իսկ 2006 թուականի օգոստոսին վերահաւատարմագրուած է: Կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ իր առաքելութիւնն էր «ուսումնասիրել Ատրպէյճանի մէջ փտածութեան պատճառներն ու ձեւերը, ինչպէս նաեւ այդ վտանգաւոր ընկերային երեւոյթի կրճատման ուղիները»։