Օրերս, շարունակելով աւանդութիւնը, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, պատարագի աւարտին, ընդհանուր հոգեհանգիստով ոգեկոչուած են Սասունցիներու ննջեցեալները, ուր իրենց համօրէն ննջեցեալները ոգեկոչելու համար հաւաքուած էին Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Քօզլուքի, Պեշիրիի հայերը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Սասուն-Պիթլիս Հայտէր» միութիւնը գնահատելի աւանդութիւն մը կը պահէ քաղաքիս մէջ։ Ամէն տարի, Ս. Սարգիսի տօնախմբութեան յաջորդ Կիրակին Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մը կը կատարուի Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Մինչեւ 2011 թուական, այսինքն այն տարին երբ հիմնուեցաւ այս միութիւնը, սասունցիներ կամաւորաբար կը համախմբուէին ու կը կազմակերպէին ոգեկոչումը, իսկ 2011էն ետք միութիւնն է որ ստանձնեց նախաձեռնութիւնը։
Ինչո՞ւ յատկապէս Գումգաբուի մէջ։ Յատուկ պատճառ մը կայ ասոր համար։ 1960ականներուն երբ գաւառէն գաղթ տեղի կ'ունենար դէպի Իսթանպուլ, այդ գաղթականներէն խումբեր միջոց մը կ'ապաստանէին Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ, այսինքն Իսթանպուլի մէջ իրենց կայքը կը սկսէր Պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ շրջափակէն։ Այս պատճառով Գումգաբուն իրե՛նց հարազատ երդիքն է ու ժամադրավայրը՝ զանազան առիթներով։
Այս տարի Ս. Սարգիսի տօնը 15 Փետրուարին էր, իսկ ոգեկոչումը՝ երէկ, 16 Փետրուարին։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին բաւական լեցուն էր։ Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Քօզլուքի, Պեշիրիի հայերը հաւաքուած էին իրենց համօրէն ննջեցեալները ոգեկոչելու համար։
Պատարագիչն էր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուայ Խրատականը, անդրադառնալով Առաջաւորաց Պահքին ու Քրիստոսի պատգամներուն։
Բազմաթիւ հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօնը։
Առիթն ունեցանք խօսելու «Սասուն-Պիթլիս Հայտէր» միութեան Ատենապետ Արամ Տէմիրի հետ։ Ան յայտնեց որ իրենց նախնիներու յիշատակին այսօր, 17 Փետրուարին հոգեճաշ պիտի սարքեն Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտներուն։ Յիշեցուց որ միութիւնը կը գործէ 2011էն ի վեր։ Ընդհանուր ժողովէն առաջ, քանի մը ամիս, նորաստեղծ միութիւնը գլխաւորած էր Թուրան Պաղ, յետոյ ի՛նք է որ ստանձնած է նախագահութիւնը եւ մինչեւ այսօր կը համախմբէ սասունցիները։ Միութեան վարչութիւնը կը բաղկանայ 7 հիմնական եւ 5 պահեստի անդամներէն։
Ի՞նչ ծրագիրներ ունին յառաջիկայ ամիսներու համար։ Ատենապետը պատմեց որ Ապրիլին Պուլկարիոյ մէջ պիտի կայանան համահայկական եւրոպական խաղերը։ Իրենք «Սասուն» ֆութսալի խումբի 10-12 հոգինոց կազմով մը պիտի մասնակցին այդ խաղերուն եւ պիտի ներկայացնեն Թուրքիոյ հայ համայնքը։
«Կ'ուզենք պահել-պահպանել մեր աւանդութիւնները։ Ս. Սարգիսի տօնը յատուկ շուքով մը կը նշուէր Սասունի մէջ։ Համաժողովրդական տօնախմբութիւն կը սարքուէր, ճաշեր կը պատրաստուէին, մեզի յատուկ մշակոյթ մը ունէինք։ Հիմա, Իսթանպուլի մէջ կը փորձենք այդ քաղցր օրերու յուշերը պահել, աւանդութիւնները փոխանցել նորահաս սերունդին, միասին ըլլալ ու մոռացութեան չմատնել մեր ծննդավայրը», եզրակացուց Արամ Տէմիր։