image

Շարք մը հեռուստաալիքներ տուգանուած են՝ Էրտողանի հասցէին վիրաւորանք տարածելու համար

Շարք մը հեռուստաալիքներ տուգանուած են՝ Էրտողանի հասցէին վիրաւորանք տարածելու համար

Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդը (RTÜK) երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին ուղիղ եթերով վիրաւորանք տարածելու համար տուգանած է շարք մը հեռուստաալիքներու: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Aktifhaber» լրատուական կայքը, նշելով, որ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութեան (CHP)՝ 24 մայիսի ժողովի ժամանակ, որ հեռարձակուած էր ուղիղ եթերով, Էրտողանի հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչած են:

RTÜK-ը, ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսութեան հեռարձակման մասին օրէնքի 8-րդ յօդուածի համաձայն, ձայներու մեծամասնութեամբ վարչական տուգանքի ենթարկած է «Can Erzincan», «Habertürk», «NTV», «Ulusal», «CNN Türk», «Bengütürk» եւ «Halk Tv» հեռուստաընկերութիւները:

RTÜK-ը պատժամիջոցներ կիրառած է նաեւ «HTV Hayat» հեռուստաալիքի նկատմամբ, որ ցուցադրած է Էրտողանի հասցէին վիրաւորանքներ պարունակող գերմանացի երգիծաբանի տեսահոլովակը: