Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, թէ թրքական զինուժը մասնակցութիւն չէ ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններուն։
Ատրպէյճանի ՊՆ-ն այսպէս արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի՝ աւելի վաղ ըրած յայտարարութեան, ըստ որու՝ Անգարան պաղեստինցիներուն օգնելու համար կրնայ մտնել Իսրայէլ այնպէս, ինչպէս ըրած է նախապէս Լիպիոյ եւ Ղարաբաղի մէջ:
«Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնման հետ կապուած ռազմական գործողութիւններուն որեւէ երկրի զինծառայողներու մասնակցութեան մասին յայտարարութիւններն անհիմն են», -յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Պաքուն Թուրքիոյ ռազմական օգնութիւնը, բազմաթիւ թուրք խորհրդականներու ներկայութիւնը, անոնց մասնակցութիւնը գործողութիւններու ծրագրաւորման, ինչպէս նաեւ զէնքի առատ մատակարարումները անուանած է «քաղաքական աջակցութիւն»:
Յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս յայտարարած է, որ առանց Թուրքիոյ օգնութեան յաղթելը չափազանց դժուար պիտի ըլլար: