Հեռախօսազրոյց ունեցած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները։ Թրքական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, Կազայի հարցը, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը, տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումները։
Նշուած է, որ Ռեճէպ Էրտողանը ըսած է՝ Նաթանիահուի վարչակազմը ամէն քայլով ցոյց կու տայ, որ չուզեր հրադադար եւ խաղաղութիւն, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի կադրերը Թուրքիոյ եւ աշխարհի մէջ խոր հիասթափութիւն առաջացուցած են, իսկ «Համաս»-ի քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութիւնը հարուած հասցուցած է հրադադարի ջանքերուն։ Թուրքիոյ ղեկավարի խօսքով՝ Իսրայէլը կ՚ընէ ամէն ինչ՝ Կազայի «հրդեհը» ողջ տարածաշրջանին մէջ տարածելու համար։
Էրտողան նշած է, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու զարգացման համար Թուրքիան կ՚ընէ հնարաւորը եւ պիտի շարունակէ ընել։
Ճօ Պայտընն ալ, ըստ թրքական կողմի հաղորդագրութեան, շնորհակալութիւն յայտնած է Էրտողանին՝ գերիներու փոխանակումը «առանց խնդրի իրականացնելու ուղղութեամբ ցուցաբերած ջանքերու համար»։