Ամէն անգամ, որ Աֆղանիստանի դէպքերը աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտ կը դառնան, մեր լուրի գլխաւոր լուսանկարը , կրկին մէջտեղ կու գայ ու կը գրաւէ պաստառները: Լուսանկարին մասին «Արեւելք» կը կարդայ Sky News կայքէն:
Աղբիւրը կը նշէ, որ 1984-ին, ամերիկացի լուսանկարիչ-լրագրող՝ Սթիւ Մաքորի նկարած է 12 տարեկան այս աղջնակը՝ Շարպաթ Ժուլան, Խորհրդային Միութեան զօրքերու Աֆղանիստան ներխուժումը լուսաբանելու ժամանակ։
Լուսանկարը, որ համարուած է արտայայտիչը «միեւնոյն ժամանակ գեղեցկութեան ու թշուառութեան», առաջին անգամ հրապարակուած է National Geographic պարբերաթերթի 1985 թուականին Յունիսի թիւի կողքին վրայ: Այն ատեն պատկերը շատեր կոչած են «Առաջին աշխարհի Մոնալիզան Երրորդ աշխարհի մէջ»: Ան ներկայացուցած է կարեկցութեան կարօտ փախստական պարմանուհին, որ կ'ապրի ճամբարի մը մէջ:
1990-ական թուականներուն Մաքորին փորձած է փնտռել Ժուլան: Եւ Միայն 2002-ին, National Geographic պարբերաթերթի անձնակազմը կրցած է գտնել զինք, Աֆղանիստանի խոր անկիւնի մը մէջ: 2002-ի Ապրիլ ամսուայ թիւին մէջ պարբերաթերթը հրապարակած է 30 ամեայ Ժուլային նոր նկարները, ինչպէս նաեւ վաւերագրական շարժանկար:
Ժուլան նաեւ պատճառ դարձած է, որ պարբերաթերթը ստեղծէ է «Աֆղան աղջիկներ» ֆոնտը, որուն նպատակն էր հոգալ թշուառութեան մէջ եղող աղջիկներու կրթութեան ծախսերը: Հետագային ծրագիրը ընդգրկելով նաեւ մանուկներ վերանուանուած է «Աֆղան երեխաներու» ֆոնտ:
Միւս կողմէ, 1972-ի ծնունդ Շարպաթ Ժուլա ապրած է տառապալի կեանք մը: 1970 ականներու վերջերը, իր գիւղը՝ Նանճարհարը ռմբակոծուած ատեն ընտանիքին հետ փախած է, ու լեռներու մէջէն հասած ու ապաստանած հարեւան երկիր՝ Փաքիստանի փախստականներու ճամբարը: Ան ամուսնացած է դեռ պատանի տարիքին, 1992-ին վերադարձած է իր գիւղ, ունի երեք դուստրեր եւ այրիացած 2012-ին:
2016-ին ձերբակալուած է Փաքիստանի մէջ, «ապօրինի» համարուած կեցութեան պատճառաւ ու վերադարձուած Աֆղանիստան: Քապուլ, նախագահական պալատին մէջ զինք ընդունած են նախագահ՝ Աշրաֆ Ղանին եւ նախկին նախագահ՝ Համիտ Քարզայը եւ խոստացած օժանդակել Ժուլային ու անոր զաւակներուն։ 2017-ին Ժուլային կը տրամադրուի բնակարան՝ Քապուլի մէջ:
Ժուլան ականատեսն է իր երկրի կրած բոլոր ողբերգութիւններուն, եւ անոր խօսուն լուսանկարը վերակենդանացնէ երկար տարիներու տառապանքն ու ցաւոտ յուշերը:
