image

Շարպաթ Ժուլա.Կամ Աֆղանիստանի ամբողջ տառապանքը մէկ լուսանկարի մէջ

Շարպաթ Ժուլա.Կամ Աֆղանիստանի ամբողջ  տառապանքը  մէկ լուսանկարի  մէջ

Ամէն անգամ, որ Աֆղանիստանի դէպքերը աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտ կը  դառնան,  մեր  լուրի  գլխաւոր  լուսանկարը , կրկին մէջտեղ կու գայ ու կը գրաւէ պաստառները: Լուսանկարին մասին «Արեւելք» կը կարդայ Sky News կայքէն:

Աղբիւրը  կը նշէ, որ 1984-ին, ամերիկացի լուսանկարիչ-լրագրող՝ Սթիւ Մաքորի նկարած է 12 տարեկան այս աղջնակը՝ Շարպաթ Ժուլան, Խորհրդային Միութեան  զօրքերու Աֆղանիստան ներխուժումը  լուսաբանելու ժամանակ։ 

 Լուսանկարը, որ համարուած է արտայայտիչը «միեւնոյն ժամանակ գեղեցկութեան ու թշուառութեան», առաջին անգամ հրապարակուած է National Geographic պարբերաթերթի 1985 թուականին Յունիսի թիւի կողքին վրայ: Այն ատեն պատկերը շատեր կոչած են «Առաջին աշխարհի Մոնալիզան Երրորդ աշխարհի մէջ»: Ան ներկայացուցած է կարեկցութեան կարօտ փախստական պարմանուհին, որ կ'ապրի ճամբարի  մը մէջ:

1990-ական թուականներուն Մաքորին փորձած է փնտռել Ժուլան: Եւ Միայն 2002-ին,  National Geographic պարբերաթերթի անձնակազմը կրցած է գտնել զինք, Աֆղանիստանի խոր անկիւնի մը մէջ: 2002-ի Ապրիլ ամսուայ թիւին մէջ պարբերաթերթը հրապարակած է 30 ամեայ Ժուլային նոր նկարները, ինչպէս նաեւ վաւերագրական շարժանկար: 

Ժուլան  նաեւ պատճառ դարձած է, որ պարբերաթերթը ստեղծէ  է «Աֆղան աղջիկներ» ֆոնտը, որուն նպատակն էր հոգալ  թշուառութեան մէջ եղող աղջիկներու կրթութեան ծախսերը:  Հետագային ծրագիրը ընդգրկելով նաեւ մանուկներ վերանուանուած է «Աֆղան երեխաներու» ֆոնտ: 

Միւս կողմէ, 1972-ի ծնունդ Շարպաթ Ժուլա ապրած է տառապալի կեանք մը: 1970 ականներու վերջերը, իր գիւղը՝ Նանճարհարը ռմբակոծուած ատեն ընտանիքին հետ փախած է, ու լեռներու մէջէն հասած ու ապաստանած հարեւան երկիր՝ Փաքիստանի փախստականներու  ճամբարը: Ան ամուսնացած է դեռ պատանի տարիքին, 1992-ին վերադարձած է իր գիւղ, ունի երեք դուստրեր եւ այրիացած 2012-ին:

2016-ին ձերբակալուած է Փաքիստանի մէջ, «ապօրինի»  համարուած  կեցութեան պատճառաւ ու վերադարձուած Աֆղանիստան: Քապուլ, նախագահական պալատին մէջ զինք ընդունած են նախագահ՝ Աշրաֆ Ղանին եւ նախկին նախագահ՝ Համիտ Քարզայը եւ խոստացած օժանդակել Ժուլային ու  անոր  զաւակներուն։ 2017-ին Ժուլային կը տրամադրուի բնակարան՝ Քապուլի մէջ:

Ժուլան ականատեսն է իր երկրի կրած բոլոր ողբերգութիւններուն,  եւ անոր խօսուն  լուսանկարը վերակենդանացնէ երկար  տարիներու տառապանքն ու  ցաւոտ յուշերը: