image

Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանը պիտի տեղադրուի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ

Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանը պիտի տեղադրուի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ

Հայաստանի ազգային հերոս, երգիչ, երգահան, հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրի յուշարձանը պիտի տեղադրուի Ֆրանսայի հրապարակի կեդրոնական հատուածին մէջ, ուր այս պահուն Ռոտենի հեղինակած արձանն է:

Որոշումն ընդունուած է Երեւանի աւագանիի 15 մարտի նիստին: Փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը նշած է, որ Օկեուստ Ռոտենի՝ Ժիւլ Պասթիեն-Լըփաժի արձանը պիտի տեղափոխուի Ֆրանսայի հրապարակի մէկ այլ հատուած:

Յուշարձանի կրկնօրինակը պիտի տեղադրուի նաեւ Փարիզի մէջ։

«Հաշուի առնելով, որ ունենք այնտեղ նաեւ Օկեուստ Ռոտենի՝ Ժիւլ Պասթիեն-Լըփաժի արձանի տեղափոխման հարցը աւելի տեսանելի եւ դիտարկելի հատուած, առաջարկուեց Շառլ Ազնաւուրի արձանը տեղադրել հենց Ֆրանսայի հրապարակի կեդրոնական հատուածում, իսկ Օկեուստ Ռոտենի՝ Ժիւլ Պասթիեն-Լըփաժի արձանը տեղափոխել նոյն հրապարակի մայթեզրին աւելի մօտ հատուած։

Բացի այս, ներկայում քանդակի՝ Ֆրանսայի հրապարակի կեդրոնում տեղադրուած լինելու հանգամանքը հանրութեանը թոյլ չի տալիս պատշաճ կերպով դիտել կամ ուսումնասիրել մեծարժէք ստեղծագործութիւնը, ինչը եւս նախատեսուած է քանդակի նուիրատւութեան պայմանագրով»,-ըսած է Աւինեան։