Համերգ ունենալու նպատակով Սէնթ Փեթերսպուրկ գտնուող հայազգի շանսոնիէ Շառլ Ազնաւոր յետմիջօրէին հիւանդանոց փոխադրուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց NTV կայանը:
Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ սպասուած համերգէն ժամ մը առաջ Ազնաւուրի առողջական վիճակը կտրուկ կերպով վատացած է, որուն հետեւանքով Ազնաւուր փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ: