image
Հրատապ լուրեր:

Սեւանայ լիճին մէջ մակոյկ մը անհետացած է

Սեւանայ լիճին մէջ  մակոյկ մը  անհետացած է

Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն Մայիս 6-ին ահազանգ ստացուած է, որ Վարդենիկ-Զոլաքար գիւղերու ափամերձ հատուածէն երկու քաղաքացի նաւակով մտած են Սեւանայ լիճը եւ չեն վերադարձած․ անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ յատուկ ջրափրկարարական ջոկատի խումբը եւ մէկ մոթորանաւակ:

Իրականացուած են որոնողական աշխատանքներ: Եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով որոնողական աշխատանքները դադարեցուած են:

Մայիս 7-ին  Սեւանայ լիճին մէջ որոնողական աշխատանքները վերսկսելու նպատակով դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ յատուկ ջրափրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ, գործնական խումբը եւ մէկ մոթորանաւակ: