image

Սեւանայ լիճէն դուրս բերուած է ապօրինի տեղադրուած 346 հատ խեցգետնաորսիչ եւ 90 ձկնորսական ցանց

Սեւանայ լիճէն դուրս բերուած է ապօրինի տեղադրուած 346 հատ խեցգետնաորսիչ եւ 90  ձկնորսական ցանց

Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան (ՇՄՆ) բնապահպանական պարեկային ծառայութեան Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզային վարչութեան աշխատակիցներուն կողմէն Սեւանայ լիճի եւ յարակից տարածքներուն մէջ իրականացուող մշտադիտարկման ծիրէն ներս Սեւանայ լիճէն դուրս հանուած է ապօրինի տեղադրուած 346 հատ խեցգետնաորսիչ եւ 90 հատ ձկնորսական ցանց, իսկ 76 հատ խեցգետին վերադարձուած լիճ։ 

Փաստի առթիւ կազմուած է համապատասխան արձանագրութիւն, ձեռնարկուած են միջոցառումներ իրաւախախտում կատարած անձերը յայտնաբերելու ուղղութեամբ։

Յիշեցնենք, որ Կառավարութեան 2025 թուականի 26 յունիսի որոշմամբ սահմանուած է Սեւանայ լիճին մէջ ձուկի եւ խեցգետինի արդիւնագործական որսի չափաքանակները, ժամկէտները, արդիւնագործական որսի կազմակերպման պայմաններն ու պահանջները, որու համաձայն 2025 թուականի համար Սեւանայ լիճին մէջ խեցգետին կենդանատեսակի արդիւնագործական որսի չափաքանակ չէ սահմանուած, իսկ սիկի որսը կ'իրականացուի Սեւանայ լիճի ամբողջ տարածքով, ափէն առնուազն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ։