Այս ինչ է, ապարանք է թէ եկեղեցի,եթէ եկեղեցի է որի համար է այս եկեղեցին այսպիսին շքեղութեամբ կանգնեցընել:Արդեօք այն երկիրը որ ամէն օր հարիւրով թէ երկու հարիւրով կը հրաժարի իր զաւակներէն, արդեօք այն երկիրը որ 7 դրամի սղութեան որպէս բողոք իր զաւակները փողոց կը հրաւիրէ հազարով տաս հազարով, արդեօք այն երկիրը որ իր սահմանամերձ գիւղերը այլեւս հազիւ երկու թէ երեք ծուխով կը հաշուէ, ինչպէս կարող է այսպիսին եկեղեցիներու շինարարման ընթացք տալ թէկուզ որպէս բարեգործութիւն: Ինչպէս կարելի է վարչապետով կաթողիկոսով բացում կատարել այսպիսին ապարանքներու երբ մի քիչ անդին հազար հայ որդու հոգին արժանապատիւ հացի չգոյութենէն կ'արիւնի:Արդեօք հազար ու մի եկեղեցւոյ հեղինակ ժողովուրդի զաւակները եկեղեցիի պակաս ունին, արդեօք եկեղեցի ըսուածը ըլլալու է այս շքեղութեամբ, արդեօք աղօթք կարելի չէ բարձրացնել երկու համեստ պատի ներքեւ թէ պարզապէս երկնաւորին օրհնած բաց երկնքին տակ:Այս շռայլութեամբ յղփացող պատերն, կամարներն, խաչքարերն պարզապէս ամլացուցին հոգիս ու այդ հաւատը որ հազիւ թէ տեղ էր գտած իմ մէջ, պարզապէս չքացաւ:Փաստօրէն մեր անաստուածութիւնը ամրագրող եկեղեցաշինութեան թափն կասեցնել պիտի չկարողանանք, պարզապէս կ'ուզեմ առաջարկել որ յետ այսու ամէն մի եկեղեցաշէն ընտրեալ «օլիկարխ» թող իր այդ սարքած ապարանքին համարժէք նոյնքան լումայ թողնէ պետութեան արկղը , մի գուցէ այդ երկնասլաց եկեղեցիներուն զուգահեռ կ'ունենաք մի քիչ աւելի երկրացի բարեկեցիկ ընկերութիւն: Մի քիչ նուազ «զաւալլը» հայեր: