Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի դուստրը՝ Եկատերինա Լաւրովան, ամուսնոյն՝ Ալեքսանդր Վինոքուրովայի հետ հանգրուանած է Վրաստանի Քախեթիի մարզի Kvareli Lake Resort հիւրանոցային համալիրը, յայտնած է «Մթավարի արխի» ընդդիմադիր հեռուստաընկերութիւնը։
Այս մասին յայտնած է aliq.ge-ն։
Նշուած է, որ Կղվարելիի մէջ նախատեսուած է Եկատերինա Լաւրովայի ամուսնոյն եղբօր հարսանիքը:
Ուքրանիոյ մէջ ՌԴ-ի սանձազերծած պատերազմի մեկնարկէն յետոյ Լաւրովն ու անոր ընտանիքի անդամները, անոնց շարքին դուստրը, կը գտնուին Արեւմուտքի պատժամիջոցներու տակ։
Հարսանիքին զուգահեռ բողոքի հաւաք նախատեսուած է հիւրանոցի մօտ, բողոքի մասնակիցները հաւաքուած են տարածք։ Հիւրանոցի շրջակայքը հսկած են մեծաթիւ ոստիկանական ուժեր։
Ըստ տեղեկութիւններուն՝ բողոքին մասնակցած են ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքացիական աքթիվիսթներ Քախեթիէն եւ Թիֆլիսէն։
Ներկայ եղած է նաեւ Վրաստանի գլխաւոր ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» (ՄԱՇ) կուսակցութեան նախկին նախագահ Նիքա Մելիան: Ան ըսած է, թէ հիւրանոցի տնօրինութենէն իրենց հաստատած են, որ համալիրէն ներս ռուս հիւրեր կան, անոնց շարքին՝ Լաւրովի դուստրը:
Նշուած է, որ 20 մայիսի վաղ առաւօտեան հիւրանոցի մօտ ձերբակալուած է Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի ՄԱՇ անդամ Իրաքլի Էձկվերաձեն. զայն տեղափոխած են Կուրջանիի ոստիկանութիւն: