image

ՍԴՀԿ-ի Բարձր Պատուիրակութիւնը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց

  ՍԴՀԿ-ի Բարձր Պատուիրակութիւնը՝  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց

 Օրերս ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան  պատուիրակութեան մը գլխուն այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  ամառնային  նստավայր ՝Պիքֆայա  եւ ընդունուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ։ 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Կիլիկեան Աթոռի կողմէ  տարածուած հաղորդագրութիւնէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ընկերակցութեամբ նոյն կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մամինի անդամներուն։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։ Շեշտուեցաւ Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց մեր ազգի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։