Տաքութեան հետ առնչուած մահերու տոկոսը վերջին 20 տարիներուն ընթացքին բարձրացած է 30% Եւրոպական 53 երկրներու մէջ, իսկ տաքութեան պատճառով մահացողներու տարեկան թիւը կը գերազանցէ 175 000-ը։ Այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) եւրոպական տարածաշրջանային գրասենեակի տնօրէն Հանս Կլեուգէն։

Նշուած է, որ տարածաշրջանի 53 երկիրներու 2000-2019 թթ. Ժամանակաշրջանին տաքութեան պատճառով տարեկան մահացած է աւելի քան 175 000 մարդ։ Աշխարհի տարածքին այս ցուցանիշը կը կազմէ շուրջ 489 000 մարդ, Եւրոպայի բաժինը կազմած է 36 %: Ցուցանիշը կը բարձրանայ տարածաշրջանի գրեթէ բոլոր այն երկրներուն մէջ, ուր հետեւողական հսկողութեամբ արձանագրութիւն կայ:
Տարածաշրջանին մէջ օդի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ համաշխարհային միջին ցուցանիշէն մօտաւորապէս կրկնակի աւելի արագ։ Ցուցանիշերու պատմութեան ընթացքին երեք ամենատաք տարիները արձանագրուած են 2020 թուականէն, եւ 10 ամենատաք տարիները՝ 2007 թուականէն ետք:
Կլեուգէն կը յիշեցնէ, որ «ծայրայեղ բարձր ջերմաստիճանները կը գրգռեն քրոնիք (մնայուն) հիւանդութիւնները, ներառեալ սրտանոթային, շնչառական եւ ուղեղի անոթային հիւանդութիւնները, շաքարախտի հետ կապուած հիւանդութիւնները»: ԱՀԿ-ի տարածաշրջանային տնօրէնը խորհուրդ կու տայ զով պահել բնակարանը, տունէն դուրս գտնուելու պարագային շուք տեղեր մնալ, խուսափիլ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութենէ օրուայ ամենատաք ժամերուն, եւ հեղուկ օգտագործելով մարմինը հաւասարակշրուած պահել ՝ զերծ մնալով քաղցր, ոգելից ըմպելի կամ քաֆէին պարունակող ըմպելիներ օգտագործելէ: