Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահականացուն կնքած է Լիբանանահայ կրթական մշակ, սերունդներու դաստիարակիչ հանդիսացող Օրդ. Էօժենի Գալայճեան։
Տխուր լուրը «Արեւելք» ստացաւ Պէյրութէն։
Այս առթիւ սրտակցական գրառում մը կատարած է Լիբանանահայ կրթական մշակ եւ ներկայիս ԱՄՆ հաստատուած՝ Ռիթա Պոյաճեան։
Ստորեւ այդ գրառումը, առ ի յարգանք լիբանանահայ կրթական մշակի վաստակին։
Զմմառեան ճեմարան եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան յաճախած իւրաքանչիւր աշակերտ անկարելի է որ իր յիշողութեան մէջ չունենայ յիշատակներ Օրդ. Էօժէնիէն:
Զոյգ դպրոցներուն մէջ աւելի քան քառասուն տարի ծառայած եւ հազարաւոր աշակերտներու դասաւանդած ու դաստիարակած Օրդ. Էօժէնի Գալայճեանը բոլորին կողմէ յարգուած էր իր ուղղամիտ, նուիրուած աշխատանքով, զոյգ դպրոցներուն հանդէպ իր անսակարկ հաւատարմութեամբ եւ աշակերտներուն հանդէպ իր մայրանման գուրգուրանքով ու հոգածութեամբ: Ան նաեւ բազմաթիւ ծնողներու համար բարեխօս դարձած Օրդ. Էօժէնին էր:
Այսօր ալ չկաս Օրիորդ Էօժէնի, բայց կան քաղցր յիշատակներդ բոլոր քեզ սիրողներուն եւ յարգողներուն սրտերուն մէջ:
Հողը վրադ թեթեւ գայ։