«Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը Էրտողանի եւ HDP կուսակցութեան միջեւ քաղաքական անհամաձայնութեան արդիւնք է»,- «Արեւելք»ին ըսաւ սարածաշրջանային հարցերով փորձագէտ- վերլուծաբան Սարգիս Հացպանեան:Հացպանեան նաեւ նկատել տուաւ, որ Էրտողան ծրագրած էր միանձնեայ իշխանութիւն ստեղծել բայց անցնող 7 Յունիսի ընտրութիւններուն HDP-ի գրանցած յաղթանակը փոխեց իրադրութիւնը: Մեր խօսակիցին կարծիքով Էրտողան, իր ծրագիրներուն գլխաւոր խոչընդոտ տարր կը համարէ HDP-ն եւ այս գործողութիւններով կը փորձ զանոնք պատժել: Հացպանեան, խօսելով քրտական կողմին մասին ըսաւ.«Թուրքիոյ քիւրտերը էրտողանը կը համարեն խոստուժնադրուժ եւ անվստահելի անձ, որովհետեւ ան չգործադրեց «Տոլմապահչէի համաձայնութեան» կէտերը: Ըստ Հացպանեանի, այս քաղաքական իրադրութիւնը բերաւ թրքական ուժերուն եւ քրտական PKK-ին միջեւ բախումներու: Ան նաեւ յայտնեց, որ հակառակ անոր, որ Արեւմուտքը բացայայտ ձեւով քննադատեց քրտական ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումները, Թուրքիա կը շարունակէ զինուորական գործողութիւնները յատկապէս Իրաքի հատուածին մէջ գտնուող PKK-ի դիրքերուն դէմ եւ Թուրքիոյ` գլխաւորապէս քրտաբնակ նահանգներուն մէջ: Հացպանեան մատնանշեց, որ այս ընդհանուր ծիրին մէջ քիւրտեր տարբեր շրջաններու մէջ ինքնավարութիւն հաստատած են, ինչպէս օրինակ Շըրնաք շրջանին մէջ: Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցումին, թէ արդեօ՞ք գետնի վրայ զինուորական կարեւոր փոփոխութիւններ կրնան կատարուիլ, Հացպանեան ըսաւ. «Թուրքիան, ըլլալով ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն դաշնակիցներէն մին, ունի շատ արդիական բանակ, մինչ քիւրտերը կը կռուին սովորական զէնքերով, բան մը, որ գետնի վրայ մեծ փոփոխութիւններ կատարելու հաւանականութիւնը կը նուազեցնէ»: Սարգիս Հացպանեան պատասխանելով մեր հարցումին կապուած ստեղծուած իրավիճակը HDP-ին համար հաւանական ծուղակ մը համարելու առումով, ըսաւ. «Դիտել տալով, որ «Քրտամէտ HDP-ն զինեալ պայքարի ջատագովը չէ, անոնց մարտավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ առկայ քրտական հարցը քաղաքական ճանապարհով լուծելն է»: Ան, յղում կատարելով HDP-ի համանախագահ Սալահէտին Տէմիրթաշի կատարած մէկ յայտարարութեան կապուած զինեալ պայքարին, ըսաւ. «Տէմիրթաշ առիթով մը HDP -ի զինեալ պայքարի անցնելու վերաբերեալ հնչած խօսքերուն ըսած է. «Արդեօ՞ք քրտական դատը այդքան անյոյս է, որ մենք, ձգելով քաղաքական դաշտը ստիպուած պիտի ըլլանք սարերը բարձրանալ եւ զէնք բարձացնել»: Հացպանեան ըսաւ, որ HDP-ի համար կարեւորը, ոչ թէ Քիւրտիստան ստեղծելն է, այլ Թուրքիան ժողովրդավար երկրի մը վերածելը»: Տիրող քաղաքական իրադրութեան մասին խօսելով` Հացպանեան ըսաւ, որ Էրտողանի համար գլխաւոր թիրախը HDP-ն է, եւ ան տարբեր ձեւի սադրանքներով պիտի փորձէ քրտամէտ այդ կուսակցութիւնը ներքաշել երկրին մէջ ընթացող զինեալ պայքարին, սակայն մինչեւ այս պահը այդ մէկը չէ յաջողած: Հացպանեան մտավախութիւն յայտնեց, որ եթէ գործողութիւնները շարունակուին եւ մեծնայ քիւրտ այն գործիչներուն թիւը, որոնք բանտերը կը նետուին, նկատել տուաւ, որ «եթէ իրավիճակը շարունակէ սրիլ, քիւրտ գործիչներ կրնան զինեալ պայքարին մասնակցելու կոչ ընել եւ յայտատարել, որ «միայն զէնքով կայ քրտաց փրկութիւն»: Սարգիս Հացպանեան Թուրքիոյ յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասին խօսելով նկատել տուաւ, որ հակառակ բոլոր գործողութիւններուն, ընտրութիւնները կրնան աւելիով զօրացնել HDP-ի դիրքերը եւ կուսակցութիւնը 80-ի փոխարէն Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս կրնայ ունենալ 100 երեսփոխաններ: Աւարտին ան ըսաւ, որ Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը կը միտին ու կը փորձեն ընտրութիւնները կեղծել եւ այդպիսով ամրացնել իրենց թուլացած դիրքերը: Ըստ Հացպանեանի, Էրտողան կրնայ գործակցիլ Տէվլէթ Պահջէլիի առաջնորդած «Ազգային Շարժում Կուսակցութեան» (MHP), հետ այդպիսով համաձայնական կառավարութիւն մը կազմելու յոյսերը դարձնելով իրականութիւն: