image

Պայրամովի կարծիքով. Բանակցութիւնները ցարդ անարդիւնք

Պայրամովի կարծիքով. Բանակցութիւնները ցարդ  անարդիւնք

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ քննարկումներու հարցով առցանց դիւանագիտութիւնը «անարդիւնաւէտ»  որակած է եւ Երեւանը հրաւիրած է վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։

«Հիմա համաձայնեցուած ձեւաչափէն կը բացակայի դէմ առ դէմ հանդիպումներու հետ կապուած տարրը, բայց գործընթացն ամբողջութեամբ չսպանելու համար ատրպէյճանական կողմը չի հրաժարիր մեկնաբանութիւններ ստանալէ ու ուղարկելէ, իմ ըսածը առցանց դիւանագիտութիւն է։ Այսինքն՝ մեկնաբանութիւնները պարզապէս կը փոխանցուին։ Մենք սա կը համարե՞նք հաղորդակցութեան ամենաարդիւնաւէտ մեթոտը խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի քննարկման ժամանակ։ Կը կարծեմ՝ ոչ»,- երեքշաբթի ըսած է Պայրամով ռուս գործընկեր Սերգէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններէն յետոյ կայացած մամուլի ասուլիսին։

Պայրամով ընդգծած է, որ «Արպէյճան հաւատարիմ է խաղաղութեան ոչ այլընտրանքային օրակարգին եւ պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնումը»։

«Ատրպէյճանի դիրքորոշումը միանգամայն հետեւողական է եւ յստակ. չնայած բոլոր դժուարութիւններուն, մենք հաւատարիմ ենք 5 սկզբունքներու վրայ հիմնուած խաղաղութեան օրակարգին»,- ըսած է ան։

Պայրամով աւելցուցած է, որ «Հայաստանի քաղաքականութիւնը կառուցողական չէ»: