Սան Ֆրանսիսքոյէն Ճափոն թռչող «United Airlines» օդանաւային ընկերութեան Boeing 777 օդանաւի թռիչքի ժամանակ անիւը պոկուած է։ Օդանաւը ստիպուած եղած է արտակարգ վայրէջք կատարել Լոս Անճելըսի մէջ:
Այս մասին յայտնած է ABC News-ը։
Օդանաւին մէջ եղած է 235 ուղեւոր, 10 փորթուղեկցորդուհի եւ 4 օդաչու։ Ոչ ոք տուժած է։
Անիւը ինկած է Սան Ֆրանսիսքոյի օդակայանի աշխատակիցներու կայանատեղիին մէջ, եւ ի թիւս այլ բաներու, վնասած է քանի մը մեքենայ: