Հայաստան- Արցախեան սահմանին հակառակորդը երէկ հերթական անգամ խախտած է հրադադարը: Այս մասին կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, թէ հակառակորդը երէկ գիշեր կրակոցներու կողքին հայական դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է 60 եւ 82 միլի մեդրանոց հրանետներ: Նշենք, որ երէկ հակառակորդին կողմէ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած է 3000 կրակոց: