image

Սահմանամերձ գօտիներու վրայ ծառայող շուրջ 1200 զինծառայողներու ծնողներ մեկնած են իրենց որդիներու տեսակցութեան

Սահմանամերձ գօտիներու վրայ ծառայող շուրջ 1200 զինծառայողներու ծնողներ մեկնած են իրենց որդիներու տեսակցութեան

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նախաձեռնութեամբ երեւանաբնակ շուրջ 1200 ժամկէտային զինծառայողներու ծնողներ հնարաւորութիւն ունեցան այցելելու սահմանամերձ զօրամասերու մէջ ծառայող իրենց զաւակներուն:

Ծնողներուն ճանապարհած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Տոնոյեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նշենք, որ 2013-էն  վեր մեկնարկած ծրագիրի շնորհիւ երեւանաբնակ աւելի քան 7000 ծնողներ արդէն հնարաւորութիւն ունեցած են այցելել իրենց զաւակներուն ու ծանօթանալ անոնց ծառայութեան պայմաններուն: