image

Ռուսիան շրջանին մէջ կայունութիւն կուզէ. Վերլուծաբան

Ռուսիան շրջանին մէջ կայունութիւն կուզէ. Վերլուծաբան

Ռուսիան կ՚ուզէ որոշակի կայունութիւն մտցնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։ Կարելի է նկատել, որ Մոսկուայի համար այդ յարաբերութիւնները կարեւոր են, եւ հայ գործընկերոջ հետ հանդիպման ժամանակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւններու շեշտադրութիւնն այդ մասին կը վկայէ: «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին այս տեսակէտը յայտնած է քաղաքագէտ Վիգէն Յակոբեանը` մեկնաբանելով Մոսկուայի մէջ կայացած բանակցութիւնները։

Անոր խօսքով`Արեւմուտքի հետ շարունակուող առճակատման, ուքրանական խնդրի լոյսին տակ Ռուսիոյ հարկաւոր է դրական հետագիծ պահպանել բարեկամական երկիրներու, այդ շարքին` Հայաստանի հետ, թէեւ ՀՀ քաղաքականութիւնը ինչ-որ ռազմավարութեան առկայութեան նշաններ ցոյց չի տար։ Եւ ի տարբերութիւն Լաւրովի` Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութիւնները բաւական զգուշաւոր էին, երկչոտ։

«Զգացւում էր, որ Միրզոյեանը վախենում է ինչ-որ բան ասել, որը կարող է դուր չգալ ինչպէս արեւմտեան «գործընկերներին», այնպէս էլ Փաշինեանին»,- նշած է Յակոբեանը։

Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է Լաւրովի այն արտայայտութեան, թէ կողմերը յաջողած են փոխընդունելի հանգուցալուծումներու հասնիլ շարք մը հարցերու շուրջ։

Քաղաքագէտի խօսքով` սա բաւական ուշագրաւ յայտարարութիւն է, յատկապէս վերջերս Հայաստանի կողմէ Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագրի ստորագրման, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթաց սկսելու որոշման լոյսին տակ։

«Կը համարձակուեմ պնդել, որ Մոսկուան հիմա դիւանագիտական ընդմիջում է վերցրել, առնուազն ձեւացնում է, թէ ընդունում է Միացեալ Նահանգների կամ Եւրոպական Միութեան հետ կապուած այս կամ այն սիւժէի վերաբերեալ հայկական կողմի հաւաստիացումները»,-ըսած է ան։

Յակոբեանն այս ծիրէն ներս անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի`վերջերս կայացած զրոյցին։ Ան կը կարծէ, որ այդ խօսակցութեան ընթացքին Փաշինեանի առջեւ բնաւ ոչ երկիմաստ հարցեր դրուած են, եւ Միրզոյեանը, ըստ երեւոյթին, ատոնց պատասխանները հնչեցուցած է։

«Վստահ չեմ, որ Երեւանի պատասխանները գոհացրին Մոսկուային, բայց կարծում եմ` ռուսական կողմը հիմա չի ցանկանում սրել իրավիճակը, ուշադրութիւնը սեւեռել այս կամ այն խնդրայարոյց սիւժեների վրայ»,- նշած է Յակոբեանը:

Իսկ եթէ փորձենք դիւանագիտական լեզուով թարգմանել «փոխընդունելի հանգուցալուծումներ» բառակապակցութիւնը, ապա, ամենայն հաւանականութեամբ, խօսքն այն մասին է, որ Հայաստանը գոնէ պաշտօնական առումով կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ, իսկ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու որոշումն աւելի շատ ներքաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ, քան իրական բովանդակութիւն ունի։ Եւ Միրզոյեանը համապատասխան «պատգամը» փոխանցեց Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ։

Փորձագէտի կարծիքով` նոյն կերպ քննարկուած է նաեւ հայ-ամերիկեան համաձայնագիրը։ Այս փաստաթուղթի պարագային կրկին պէտք է ըսել, որ ատոր իրականացման հեռանկարները բաւականին մշուշոտ են, յատկապէս Տանըլտ Թրամփի` Սպիտակ տուն գալու լոյսին տակ։ Առաւել եւս, որ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահն արդէն հրամանագիր ստորագրած է բոլոր տեսակի օտարերկրեայ օգնութիւնները ժամանակաւորապէս սառեցնելու մասին, քանի դեռ չէ պարզուած` այդ օգնութիւնները կը համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու շահերուն, թէ ոչ։

Չափազանց դժուար է ըսել, թէ Թրամփի վարչակազմն ինչ տեսանկիւնէ պիտի նայի Հարաւային Կովկասին, ինչ քաղաքականութիւն պիտի կառուցէ։ Յակոբեանը վստահ է, որ այս տեսանկիւնէ Ռուսիան անհանգստանալու կարիք չունի։ Բայց եթէ նոյնիսկ մտահոգութիւն կայ, ապա Մոսկուան կը նախընտրէ չանդրադառնալ ատոր։

Մոսկուայի մէջ հնչած յայտարարութիւններուն մէջ կարելի է նկատել նաեւ Ռուսիոյ միջնորդական տրամադրուածութիւնը հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացին մէջ եւ հայկական կողմի` Մոսկուային որպէս հաշտարար դիտարկելու դժկամութիւնը։

Յակոբեանի խօսքով` Հայաստանը նախկինի պէս համոզուած է, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ամենաարդիւնաւէտ միջոցը երկկողմ ձեւաչափն է։ Թէ որքանով արդարացուած է նման մօտեցումը, այլ խօսակցութեան թեմայ է։