image

Թրամփ. Ռուսիան առաւելութիւն ունի Քուրսքի մէջ

Թրամփ. Ռուսիան առաւելութիւն ունի Քուրսքի մէջ

Ռուսական բանակը Քուրսքի մարզին մէջ շրջափակած է շուրջ 2,500 ուքրանացի զինուորական, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ մեկնաբանելով Fox News հեռուստաալիքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռախօսազրոյցը։

«Կը կարծեմ՝ մենք հիանալի զրոյց ունեցանք, այն տեւած է գրեթէ երկու ժամ։ Շատ բաներու մասին խօսած ենք ու ձգտած խաղաղութեան։ Ռուսիան առաւելութիւն ունի.ինչպէս գիտէք, անոնք շրջափակած են շուրջ 2,500 (ուքրանացի) զինուոր»,- ըսած է Թրամփ։

Մարտ 18-ին հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու միջեւ։ Զրոյցի ընթացքին Վլատիմիր Փութինը համաձայնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ կողմէ ուժանիւթի կառոյցներու վրայ յարձակումէն 30 օրով փոխադարձ հրաժարելու գաղափարին եւ համապատասխան հրաման տուած զինուորականներուն։ Ան նաեւ երաշխաւորած է Քուրսքի մարզի մէջ յանձնուած ուքրանացի զինուորականներուն «կեանք եւ արժանապատիւ վերաբերմունք՝ համաձայն ռուսական օրէնքներու եւ միջազգային իրաւունքի»։