Ընկ. Սագօ Մահսերէճեանի անակնկալ մահուան բօթը լսելով, սոսկ «Աստուած հոգին լուսաւորէ» սակաւաբանութեամբ չէի կրնար արձագանգել: Ինչպէ՜ս կրնայի լուռ հանդիսատես եւ ժլատ ըլլալ, ի տես անոր առաքինի, բանիմաց, հանդարտաբարոյ նկարագրին ու յատկապէս իր քաղցրահամբոյր բնաւորութեան, ճառագայթող վառ, բարի ժպիտին, որ առատօրէն կը բաշխէր բոլորին, յատկապէս թախծոտ հոգիները լուսաւորելու, յուսահատ մտքերը փոթորկելու, խամրացած եսերը արիութեամբ հունաւորելու ու հաւաքական մելամաղձոտութիւնը՝ լաւատեսական ակօսներէն ծորող յուռթի բարութեամբ գօտեպնդելու համար:
Ծանօթութիւնս կ՛երկարի մինչեւ 1980 թուական, «Ուաթուաթ» թաղամասի «Ազդակ»-ի նկուղին խոնաւ եւ ապառողջ մթնոլորտներուն, աւելի հարազատ բառը գործածելով խրամատի օրերուն, ուր ինք եւ հոյլ մը նուիրեալներ, ի հեճուկս ապահովական եւ կենցաղային տաժանելի պայմաններուն, «Ազդակ»-ը հասանելի եւ կանգուն պահելու դիտաւորութեամբ, տենդագին՝ հրաշագործ նուիրումով, հանապազորդ եղանակով՝ ի կատար կ՚ածէին անոր հրատարակութիւնը:
Այդ օրերուն, գրաշարութիւնը համկարգիչներու օժանդակութեամբ չէր ըլլար, այլ «լինօթայփ» Linotype կապարի տողաշարով: Սագօն, ըստ ընկալեալ վարժութեան, բաց տեղ կը ձգէր էջադրուած տպագրութեան պատրաստ բաժինին վրայ, այն դիտաւորութեամբ , որ ուշ ժամերուն, վերջին րոպէի թարմ լուր մը կը հասցնէ ծարաւի հայ հասարակութեան։ Այսպէս , ակնթարթով մը հեռատիպէն, AFP-էն, Reuters-էն, Associated Press-էն դուրս եկած լուրերու էջը արագ քաղուածքով, անհաղորդը ջղային մէկ շարժումով ափովը ճմլելով, իսկ պիտանին տեղւոյն վրայ բերանացի թարգմանելով, գրաշարին անմիջական ուշադրութեան կը յանձնէր՝ լրացնելով էջի վերջնական ձեւաւորումը։
Տարիներ վերջ, հասցէատետրիս մէջէն Արեւմտեան Պէյրութի Արա Երեւանեան Ժողովրդային Տան եւ «Ուաթուաթ» թաղամասի հետ առնչուած հասցէները փոխարինած էի Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան արդիական կեդրոնով, ուր կուսակցական առաքելութեամբ ուղեւորումներու առաջին կանգառս կ՛ըլլար՝ հիւրընկալ Շաղզոյեան կեդրոնը: Յատուկէն ժամ մը կը տրամադրէի ըմբոշխնելու ընկեր Սագոյի հոգատար ներկայութիւնը, հինէն ու նորէն, Հալէպի կեանքէն ու քաղաքական անցուդարձերէն զրուցելով: Սագօն, հակառակ անոր որ կանուխ տարիքէն Հալէպէն հեռացած էր, սակայն մոլեռանդօրէն կը հաւատար, որ Հալէպ տակաւին կը համենայ մնալ գաղթաշխարհի կենարար, չհատնող աւիշը։
Հալէպը իրեն համար դարձած էր կեանքի մէկ էական արբանեակը, ուր իր անմիջական ձգողական ուժի Ֆիզիքական բացակայութիւնը առօրեայ կեանքէն, վերածուած էր բաց վէրքի մը կոտտանքին, եւ ինք վճռականօրէն պատրաստ էր ամէն ձեւով մեղմացնելու այդ մորմոքը, որեւէ մէկ ձեւի ծառայութեան մուրհակ մը մատուցելու քայլով, ի հաշիւ այդ գաղութին:
«Ազդակ»-ը այդ օրերուն սուրիահայ կեանքին մէջ դարձած էր հանապազօրեայ ոգեղէն հաց: Այս բաժինին մէջ Սագօն մեծ դեր կը խաղար որպէս տնօրէն եւ խմբագրապետ, եւ համակարգուած աշխատանքով, Դամասկոսէն հանգուցեալ ընկ Ռաֆֆի Յովսէփեանի (հայերէն մամուլի պետական գրաքննիչ) եւ Սուրիոյ պատկան մարմինի Դաշնակցական ընկերներու դասաւորումներով, ի կատար կ՚ածէր «Ազդակ»-ի մուտքը Սուրիա:
Այսպէս, օրական հսկայ ճիգ կը տարուէր «Ազդակ»-ը անխափան եւ թարմ հասցնելու սուրիահայ զանգուածին, յաղթահարելով օրուան փոխադրական դժուարութիւնները եւ սուրիական իշխանութիւններու գրաքննութեան հետ կապուած կարգաւորումները:
Այս ձեւակերպումով, «Ազդակ»-ի էջերով հրամցուած լրատուութիւնը ե՛ւս կը յարմարէր սուրիական իշխանութիւններու քաղաքական «ճաշակին» ու օրինական օրինաչափութիւններուն, ուր խմբագրական վարպետութեամբ՝ Սագօն, ծանօթ ըլլալով բոլոր շրջանային քաղաքական ծալքերուն, լուրերու ներկայացման մէջ, առաջնահերթութեան կարգով կը նաւարկէր լիբանանահայ գաղութի տեղական սպասումներուն ընդմէջէն, համատեղելով նաե՛ւ կարելի բծախնդրութիւն սուրիական քաղաքական նրբերանգներու դրուածքին:
Աւելի ուշ՝ օրը հասաւ, երբ հասունցած էր եւ անհետաձգելի հրամայական դարձած սուրիահայ կեանքէն ներս արհեստավարժ պարբերական, հայկական շաբաթօրեայ մամուլի առկայութեան հարցը, ի հետեւումն 50-60-ական թուականներու «Արեւելք» օրաթերթի օրինակին: Արդ, «Գանձասար» շաբաթերթի տարազով, կրկին վերընձիւղուեցաւ այդ տենչանքը: Սուրիոյ իրականութեան մէջ, տասնամեակներ շարունակ, հայկական մամլոյ պարբերական-օրաթերթի ներկայութեան բացը կ՛ամբողջանար լիբանանեան հայ կեանքէն ներմուծուած մամուլով՝ «Ազդակ», «Արարատ» , «Զարթօնք».․.:
Մինչեւ Մարտ 1963, «Արեւելք» գրեթէ երկու տասնամեակ, օրաթերթի դրութեամբ, իր տպարանէն հրատարակուելով, կը բաւարարէր սուրիահայ գաղութի մամլոյ սպասումները, ի շարս այլ հայկական մամուլի ներկայութեան:
«Արեւելք»-ի էջերով առինքնող ատենոյ մամլոյ հսկաներու անունները, ինչպիսիք են՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, Յակոբ Օշական, Մինաս Թէօլէօլեան, Միհրան Հերարդեան, Օննիկ Մելիքսէթեան, Նշան Իսրայէլեան եւ շատ մը նուիրեալներ ա՛լ չկային 90-ականներու սուրիահայ կեանքէն ներս: Փոխարէնը պատրաստ էր երիտասարդ նոր մարդուժի բոլորանուէր ատաղձը, որ Թէօլէօլեաններու դրօշարշաւը շարունակելու կամքը ունէր ու պատրաստ, երկունքի անձկութիւնը տանելով հասնելու ծնունդի քաղցր լիութեան:
Այդ օրերուն մեզ կը պակսէր արհեստավարժ խմորումներու վերածել երիտասարդական մամլոյ խանդը եւ ուղղորդել գոյ տեղական ուժերը այդ մթնոլորտներուն մէջ, յղկելով անոնց գրական տաղանդը ու ծաղկեցնելով մամլոյ սակաւ փորձը: Այսպէս, աշխատանքը կեանքի կոչուեցաւ սոսկ տոգորումով: Օրին, Սագօ Մահսերէճեան քաջալերեց այս գաղափարը, մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով զայն կեանքի կոչելու նախադրեալներուն շուրջ:
«Գանձասար»-ը ընթացք առաւ ու երբ Սագոյին դիմեցինք, որ յաճախակի այցելութիւններով իր փորձը փոխանցէ տեղական երիտասարդ ուժերուն, իր պատասխանը մէկ եղաւ, ԱՅՈ՛: Հակառակ «Ազդակ»-ով բազմազբաղ ըլլալուն, թեւերը սոթտելով, Հալէպ յաճախակի այցելութիւններով, փոխադարձաբար «Գանձասար»-ի երիտասարդ խմբակի Պէյրութ այցելութիւններով, մեծ խանդավառութեամբ գործի անցնելով, իր արհեստավարժի շունչը ներդրեց տեղական խմորումներուն: Փակագիծ մը բանալով հոս պէտք է արձանագրեմ, որ Նազօ Պէրպէրեանն ա՛լ իր կարգին, նոյնանման ներդրում ունեցաւ«Գանձասար»-ի մարդուժի յղկման աշխատանքներուն։ Անտարակոյս, այս ձեւաւորումով աշխատաանքը իր բարերար արգասիքը ունեցաւ կռանելու մամուլի հանդէպ յաւելեալ սէր ու ոգեւորում: Եթէ այսօր գաղթաշխարհի մէջ կան կարգ մը Հալէպեան գրիչներ, որոնք մամլոյ անդաստանին մէջ որոշակի ներկայութիւն են, անվարան կրնամ հաստատել, որ այդ օրերու ոգիի երախտագործ թրծումին արգասիքն են:
Սագօն, ի շարս այլ մամլոյ գործիչներու, իր խմբագրականներով եւ քաղաքական խորազնին վերլուծումներով ու համաշխարհային -ազգային զարգացումներու հատու արժեւորումներով օգտակար դարձաւ դարբնելու մեր քաղաքական միտքը, կոփելով մեր մէջ քաղաքական – ընկերային զարգացումները դիտելու եւ ընկալելու Դաշնակցական պրիսմակէ:
Իր հաւատարմութեան եւ հայ մամուլի հանդէպ տածած սիրոյ չափը երբե՛ք չդանդաղեցաւ, նոյնի՛սկ երբ հեռացաւ անմիջական «Ազդակ»-ի ընտանեկան մթնոլորտէն, նոյնչափ եւ աւելիով ներկայութիւն հաստատելով հանրային կեանքի մէջ, երբեմն իբր բանախօս, պատգամաբեր, միշտ իր գրիչը հոսուն պահելով եւ արտադրելով խմբագրի մը չափ՝ հայկական մամուլի ոլորտին մէջ:
Սագօն, ՀՅ Դաշնակցութեան զուտ կազմակերպական ուղղակի կեանքին մէջ ներկայութիւն չեղաւ, պարզ այն պատճառով, ուր իր գործի պայմանները կը պարտադրէին, որ առաւելաբար ներկայ ըլլայ մամլոյ խոհանոցին մէջ, քան պատասխանատու կազմակերպական կեանքի մաշեցնող թոհ ու բոհին մէջ: Սակայն, որպէս հանրային գործիչ, իր փորձով ու ունակութեամբ նոյնչափ եւ աւելիով, զրահապատուած էր գիտակ գործիչի խոհական բարեմասնութիւններով եւ առ այդ, «մեղմօրէն» կ՛արտայայտէր իր անկեղծ կարծիքը ու հաստատ կողմնորոշումը կազմակերպական կեանքի անդոհանքներուն մասին:
Այդ մէկուն մօտէն ծանօթացայ ՀՅԴ 25-րդ ընդհանուր ժողովի գումարման օրերուն, 1995-ին, Լիբանանի «Լաքլուք» լեռնային գիւղաքաղաքին մէջ, ուր մեր իջեւանած պանդոկի սենեակին դրկից էինք ու գիշերային մեր մտերմիկ «հարեւանի» զրոյզներով ականջ կու տայի իր կանխատեսումներուն՝ ժողովի խոհանոցի խմորումներու հաւանական ուղղուածութեան մասին, որոնք շատ մը պարագաներու, կ՛օգնէին ու բարերար լոյս կը սփռէին թեր եւ դէմ գնահատականներուս վրայ։
Վերջին տարիներուն, երբ մատիտս կը մրոտէր մամլոյ էջերը, Սագօն իր ընկերական արհեստավարժ, անաչառ գնահատականներով, կ՛արձագանգէր արծարծուած թեմաներու մասին ե-նամակներով: Իմ մէկ յօդուածին առիթով հետեւեալը կը գրէր,
«Ճանօ՛ ջան, Սուրիոյ մասին գրածդ կարդացի գոհունակութեամբ եւ մեծ բաւարարութեամբ: Զգացի, որ բաւական զգուշաւոր ոճ գործածած ես (Հայասատնի մէջ նոյն զգուշաւորութիւնը չկայ, դժբախտաբար): Վերլուծումիդ համաձայն ըլլալով հանդերձ, մանր յաւելումներ ընեմ, որպէսզի պատկերը աւելի լայն (կամ խորքին մէջ նեղ) սահմաններերուն մէջ դիտենք…: … Առիթով մը գրած եմ, որ այս մարդիկը – իմաստուն եւ սթրաթեճիսթ ճանչուած «հսկաները» – ո՛չ թէ իրենց քիթէն, այլ իրենց թարթիչէն անդին չեն տեսներ, մտած տեղերնին կը քանդեն եւ երկիրը կը ձգեն անոնց՝ որոնց դէմ կը պայքարէին տարիներ: Կը սպասեմ նոր գրելիքներուդ..․»: Ան նաեւ մատնանշում մը ըրած էր իր նամակին մէջ, թէ՝ «…երբեմն, կարեւոր յօդուածներու պարագային – ոչ սոսկական՝ տեղեկագրական ու համադրականները -, գրողը ընկերներուն հետ որոշ քննարկում կը կատարէ, ԸՆԹԵՐՑՈՂին տեսակէտը եւ նշումները կը ստանայ ընկերներէն եւ մանր-մունր յաւելումներ կ’ընէ: Անձնական օրինակ մը յիշեմ. երբեմն, երբ «Ազդակ»-ի մէջ խմբագրական գրէի, ընկերներէս մէկուն կամ միւսին կու տայի, որպէսզի ԻԲՐԵՒ ԸՆԹԵՐՑՈՂ կարծիք տայ, որովհետեւ գրողը երբեմն չ’արձանագրեր մանրամասնութիւն մը, ենթադրելով որ ընթերցողը ատիկա պէտք է գիտնայ եւ այլն: Եւ երբեմն շատ օգտակար նշումներ կ’ընէին, ՄԻՏՔԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ կ’ունենայինք…»:
Օգտուելով իր այս մօտեցումէն՝ աքցանս անցընելով իր մտածումին, պատախանեցի՝ հայցելով, որ համապատասխան վերաբերմունքի արժանանան յօդուածներս նախքան հրապարակուիլը, առաքելով իրեն հում նիւթը, ստանալու ընթերցողի անաչառ տեսակէտները, վստահեցնելով որ շատ լայն սրտով պիտի ընդունէի ի հարկի նկատողութիւնները։
Սագօն, պատասխանեց հետեւեալ անկեղծ տողերով. «…Ինչ կը վերաբերի գրելիքներդ ղրկելու առաջարկիդ, երկու բան. նախ՝ ալա-ռաասի: Երկրորդ, չմտածե՛ս ԿԱՇԿԱՆԴՈՒԱԾ գրելու տրամաբանութեամբ, կամ թէ ես ի՞նչ պիտի ըսեմ գրածիդ մասին: Գրողը, ընկերս, ԻՐ ՄԻՏՔԵՐՆ ՈՒ ՄՕՏԵՑՄԱՆ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐԸ ունի, որ անպայման 100 առ 100 կրնայ համապատասխան չըլլալ մինչեւ իսկ ամէնէն մօտիկ գաղափարակից ընկերոջ, եւ հոս է որ պէտք է տեսնենք ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ բազմազանութեան եւ հարստութեան գաղտնիքը:
Մենք ո՛չ մէկ ատեն «վերէն» թելադրուած մտածումներով եւ թելադրանքներուվ գրած ենք ու պէտք է գրենք, այնքան ատեն, որ դաշնակցական մտածողութեան ամէնէն լայնածիր հայեցակէտերուն տէրն ենք, զանոնք ըստ կարելւոյն իւրացուցած ենք: Եւ ասիկա մէկ կարեւոր տարբերութիւն է համայնավարներէն կամ կեդրոնացեալ մտածողութիւն պարտադրող այլ կուսակցութիւններէ…»:
Համոզումներուս վաւերականութեան հաստատումը ստացած էի իմ աւագ ընկերէս ե՛ւս, ուր սեւ ճերմակի վրայ գլխագիր կ՛ընգծէր, թէ Դաշնակցական մտածողութեան բազմազանութիւնը ու զայն անկաշկանդ ներկայացնելու ուղղափառութիւնը` Դաշնակցական բեմի ընդմէջէն, կը կազմեն ՄԵՐ գաղափարական մտածողութեան «ալֆան եւ օմէկան», ուր պէտք է փայլատակին ինչու չէ, Դաշնակցական քուրային մէջ խմորուող «այլախոհ» մտքեր ե՛ւս, երբ իւրացուցած ենք ու կ՛առաջնորդուինք Դաշնակցական հայեցակարգով, ինչպէս վարժ ենք։
Ռուբէն Զարդարեանի բնորոշումը «Զգուշութի՜ւն, պահակները արթուն են միշտ» , այնքա՜ն հարազատ է Սագօ Մահսերէճեանի ուսանելի պահուածքին, վարքին եւ երախտաշատ կենսաւորումին: Վերջապէս, ժրաջանութեան, անկեղծութեան եւ ընկերական հաւատարմութեան խոնարհ մեծութիւն մը դարձաւ մեր ՍԱԳՕՆ:
Համեստ այրուձին , հարկադրաբար անսաց տարերքի դժբախտ տնօրինումին ու թամբէն վար իջաւ, սակայն երիվարը չսանձելով, անոր քամակին վրայ առատ ժառանգ մը ձգելով, որու պատգամին տէրը ըլլալու բարոյական հարկադրանքին տակ կը գտնուին բոլոր անոնք, որոնք կ՛արարեն գաղափարական մամլոյ անդաստանին մէջ։
Անթառամ մնայ կենարար յիշատակդ, Սագօ՛ ջան։
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ
23 Փետրուար 2026