image
Հրատապ լուրեր:

OPEC +-ը պիտի նուազեցնէ նաւթի արդիւնահանման ծաւալը. Պայտըն Արաբական Ծոցի երկիրները մեղադրեց մեղադրեց Ռուսիոյ կողքին կանգնելով

OPEC +-ը պիտի նուազեցնէ նաւթի արդիւնահանման ծաւալը. Պայտըն Արաբական Ծոցի երկիրները մեղադրեց մեղադրեց Ռուսիոյ կողքին կանգնելով

Սպիտակ տունը մեղադրած է OPEC +-ը Ռուսիոյ հետ համերաշխ ըլլալու համար, այն բանէն ետք, երբ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ խումբը համաձայնեցուցած է նաւթի արդիւնահանման կրճատումները: Նշեալ կրճատումները զայրոյթ առաջացուցած է այն երկիրներու մօտ, որոնք արդէն իսկ կը պայքարին ուժանիւթակիրներու գնաճի դէմ, որ յարուցուած էր Մոսկուայի ներխուժմամբ Ուքրանիա, գրած է ft.com-ը:

OPEC + խումբը երկու տարուան ընթացքին Վիեննայի մէջ իր առաջին հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ նոյեմբերէն պիտի նուազեցնէ արդիւնահանման ծաւալը օրական 2 միլիոն պարելով, որ համարժէք է համաշխարհային մատակարարման 2 տոկոսին:

Կրճատման որոշումը կայացուած է հակառակ հանդիպումէն առաջ ԱՄՆ կառավարութեան լայնածաւալ լոպպինկին եւ կը նշանաւորէ ԱՄՆ  նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի դիրքի զգալի խարխլում. վարչակազմը կը ձգտի նուազեցնել նաւթի եւ պենզինի գիները նոյեմբերին կայանալիք կարեսոր միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ եւ զրկել Ռուսիան ուժանիւթային եկամուտներէն:

Պայտընի վարչակազմը քննադատած է կրճատումներու քայլը՝ ըսելով, որ այդ «անհեռատես որոշում է» այն ժամանակ, երբ «ուժանիւթակիրներու համաշխարհային մատակարարման պահպանումը առաջնահերթ նշանակութիւն ունի»: Սպիտակ տան խօսնակ Քարինէ Ժան Փիէրը լրագրողներուն ըսած է, որ «ակնյայտ է», որ OPEC +-ը «համերաշխ է Ռուսիոյ հետ»: