Սուրիա- (New T.V.-Պէյրութ ) ISIS Ահաբեկչական խմբաւորումը կանգնած է լուրջ տագնապի մը առջեւ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն Ռուսիոյ կողմէ կատարուած գրոհներէն ետք ISIS կը փորձէ իր ունեցած զինամթերքը փոխադրել անզէն բնակիչներու ապրած վայրերը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ աղբիւրը զինուորական գործողութեանց մասին տեղեկութիւն տալով կը հաղորդէ, որ յատկապրէս Տէր Զօրի մէջ ISIS ի կարեւոր կեդրոնները հարուածուած են: Ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ նաեւ ըսած են, որ ISIS կրնայ իր տիրապետած շրջաններուն մէջ գտնուող մզկիթները ականահարել եւ սուտ տեղեկութիւններ տալ արարքը ռուսական օդուժին վերագրելով: ISIS իր զէնքերն ու զինամթերքը անզէն քաղաքայիններու բնակարաններուն մօտ փոխադրելէ բացի մեծ քանակաութեամբ հրթիռներ կը տեղադրէ մզկիթներու մէջ կամ անոնց շրջակայքը: Ըստ աղբիւրին ISIS լուրջ տագնապի առջեւ է: