image

Ռուսական Հարուածներէն Ետք ISIS Լուրջ Տագնապի Առջեւ է

Ռուսական  Հարուածներէն Ետք  ISIS    Լուրջ Տագնապի Առջեւ է

Սուրիա- (New T.V.-Պէյրութ )  ISIS   Ահաբեկչական խմբաւորումը  կանգնած է լուրջ   տագնապի մը առջեւ:  Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ   «Ալ Ժատիտ»  կայանը: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ անցնող օրերուն Ռուսիոյ կողմէ կատարուած գրոհներէն ետք ISIS     կը փորձէ իր ունեցած զինամթերքը  փոխադրել  անզէն բնակիչներու ապրած վայրերը:    Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան  մէկ աղբիւրը   զինուորական  գործողութեանց մասին  տեղեկութիւն  տալով  կը հաղորդէ, որ        յատկապրէս Տէր Զօրի մէջ  ISIS   ի կարեւոր կեդրոնները  հարուածուած են:   Ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներ  նաեւ  ըսած են, որ  ISIS   կրնայ    իր տիրապետած շրջաններուն մէջ գտնուող մզկիթները  ականահարել եւ սուտ  տեղեկութիւններ տալ   արարքը  ռուսական օդուժին վերագրելով:  ISIS  իր զէնքերն ու զինամթերքը  անզէն քաղաքայիններու   բնակարաններուն մօտ փոխադրելէ  բացի մեծ քանակաութեամբ հրթիռներ  կը տեղադրէ   մզկիթներու մէջ կամ անոնց շրջակայքը:  Ըստ աղբիւրին  ISIS  լուրջ  տագնապի առջեւ է: