Մայիս 22-ին Մոսկուայի ժամանակով ժամը 20:00-էն ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը որսացած եւ ոչնչացուցած են ուքրանական 112 անօդաչու թռչող սարք, հաղորդած է երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Ատոնցմէ 24-ը խոցուած են Մոսկուայի մարզին մէջ։
Եւս 22 անօդաչու թռչող սարք խոցուած են Խրիմի, 18-ը՝ Թուլայի, 11-ը՝ Քուրսքի, 8-ական՝ Օրեոլի եւ Պրեանսքի, 6-ը՝ Ռեազանի, 5-ը՝ Քալուկայի, 3-ական՝ Պելկորոտի եւ Իւանովոյի, 2-ը Վլատիմիրի , 1-ական՝ Լիփեցքի եւ Վորոնեժի մարզերու օդային տարածքներուն մէջ։
Վիրաւորներու եւ աւերածութիւններու մասին տեղեկութիւններ չկան։