image

Ռուսաց կողմը կը խօսի Ուքրանիոյ մէջ իր ծրագրի երկրորդ բաժնի մասին

Ռուսաց  կողմը կը խօսի  Ուքրանիոյ մէջ իր ծրագրի  երկրորդ  բաժնի մասին

Ռուսական բանակը Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան երկրորդ փուլին պէտք է լիակատար վերահսկողութիւն սահմանէ Տոնպասի վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի Զինուած ուժերու Կեդրոնական ռազմական շրջանի հրամանատարի տեղակալ, զօրավար Ռուստամ Միննեքայեւը:

«Յատուկ գործողութեան երկրորդ փուլը սկսած է բառացիօրէն երկու օր առաջ. ռուսական բանակի խնդիրներէն մէկը Տոնպասի եւ Ուքրանիոյ հարաւի նկատմամբ լիակատար վերահսկողութիւն հաստատելն է», ըսած է ան:

Տոնպասի նկատմամբ Ռուսաստանի զինուած ուժերու վերահսկողութիւնը հնարաւորութիւն պիտի տայ ցամաքային միջանցք ստեղծել դէպի Խրիմ, ընդգծած է Միննեքայեւը:

Զօրավարը յաւելած է, որ յատուկ գործողութիւնը պէտք է «յաջողութեամբ հասցնել իր տրամաբանական աւարտին»: Ան նշած է, որ առաջադրուած բոլոր խնդիրները պիտի կատարուին: