image
Հրատապ լուրեր:

Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Ձեռնադրութեան 11-ամեակը

Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Ձեռնադրութեան 11-ամեակը

Օրերս իր լրումին հասաւ Ռումանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 11-րդ տարեդարձը։ 

Նշենք, որ արմատներով իրաքահայ Տ. Տաթեւ Սրբազանը նոյնպէս համատեղութեան կարգով կը վարէ Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդութիւնը։

Ստորեւ կը հրապարակենք Սրբազան հօր ձեռնադրութեան տարեդարձին մասին թեմի մամլոյ դիւանին կողմէ ներկայացուցած լրատւութիւնը եւ լիարժէք յաջողութիւն կը մաղթենք Սրբազան հօր իր առաքելութեան առընթեր:

«Այսօր Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 11-րդ ամեակն է: Սիրելի Սրբազան, յանուն Ռումանիոյ հայոց թեմի հոգեւոր ու վարչական դասի եւ հաւատացեալ բարեպաշտ ժողովրդի, ինչպէս նաեւ թեմական խորհրդի եւ ծխական խորհուրդների, ջերմագին շնորհաւորանքներ ու բարեմաղթանքներ ենք յղում Ձերդ Սրբազնութեանը ուրախարար այս առիթով: Մեր մաղթանքն ու յարատեւ աղօթքն է, որ Ամենակալն Աստուած Իր Աջի հովանու ներքոյ պահի եւ պահպանի Ձեզ` պարգեւելով քաջառողջութիւն, կենաց արեւշատութիւն եւ երկար տարիների բեղմնաւոր հովուութիւն ռումինահայ համայնքից ներս: 

Ռումանիոյ հայոց թեմի մամլոյ դիւան»