Թուրքիոյ նախագահի «խօսափողի» համբաւ ունեցող թրքական «Sabah» թերթի կայքը յօդուած հրապարակած է հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ՝ յղում ընելով իր դիւանագիտական աղբիւրներուն:
«Այս պահուն երբ կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի ընթանալ դրական ուղղութեամբ, հայ-թրքական սահմաններու բացման հարցով մատնացոյց կ'ըլլայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը»,- ըսուած է յօդուածին մէջ։
«Sabah»-ի դիւանագիտական աղբիւրները շեշտած են, որ տարածաշրջանի գործընթացները պէտք է դիտարկել որպէս մէկ ամբողջականութիւն: Յատուկ ներկայացուցիչներ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի՝ 1 յուլիսին ընդունած որոշումներն ամբողջականացնելու նպատակով մօտ ապագային պիտի ձեւաւորուի մասնագիտական յանձնաժողով։
Թրքական աղբիւրը պնդած է, որ յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի կայացնել Թուրքիոյ մէջ: Երկու երկիրներու միջեւ առնուելիք ամենալուրջ քայլ կը դիտարկուի ցամաքային սահմանով առեւտուրի իրականացման մեկնարկը:
Ըստ յիշեալ աղբիւրի, եթէ նախքան հայ-թրքական սահմանի փակումը (1993թ.), սահմանով կը տեղափոխուէր 40.000 թոն ապրանք եւ կ'անցնէր 140.000 մարդ, ապա սահմանի բացման պարագային այդ թիւը այսօր առնուազն պիտի տասնապատկուի։
«Sabah»-ը նշած է, որ եթէ Աքիաքայի (հայկական կողմէն՝ Ախուրիկ-խմբ.) սահմանային անցակէտը բանալու որոշում կայացուի, ապա 1 ամսուան մէջ հնարաւոր է աշխատանքային պատրաստի վիճակի բերել այն»: