image

Թիւրքմենստանի նախագահը յառաջիկային Հայաստան պիտի այցելէ

Թիւրքմենստանի նախագահը յառաջիկային  Հայաստան պիտի այցելէ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքմենստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ։

Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Թուրքմենստան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր։ Կարեւորուած է առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը։

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է այս տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերու 17-րդ համաժողովի (COP17) կայացման եւ Սերտար Պերտիմուհամետովը հրաւիրած է Հայաստան՝ մասնակցելու COP17-ի շրջածիրէն ներս կայանալիք Առաջնորդներու գագաթնաժողովին։

Թուրքմենստանի նախագահը սիրով ընդունած է հրաւէրը։