image

Ռիատ Սալամէն «զո՞հ» թէ՞ «Քաւութեան նոխազ»

Ռիատ Սալամէն «զո՞հ» թէ՞ «Քաւութեան նոխազ»

 Հարցադրումները շատ են, բայց հիմնական հարցումը կը շարունակէ մնալ այն, որ արդեօ՞ք «Ռիատ Սալամէի հարց»ի լուծումով պիտի փրկո՞ւի փոքրիկ Լիբանանը. Կամ թէ եղածը, պարզապէս քաղաքական արմատներ ունեցող «Քաւութեան նոխազ մը եւս» խաղի մէկ արարն է, որ իր արուակներով պիտի թափի, «Լիբանանը ձախողած երկիր» անունով ներկայացող մեծ գետի ջուրերուն մէջ։

 

 Աւարտին կարեւոր է շեշտադրել, Ռիատ Սալամէն ընդամէնը զոհ է, այն մեծ հասարակութեան, որ կը կոչուի «մեղաւոր իշխանութիւններ», որուն կարկառուն դէմքերը, ոչ մէկ առիթով ապաշխարհութեան մասին մտածած են, ոչ ալ կը պատրաստուին մտածել։

 

 2019 թուականին Լիբանանի մէջ երեւելի դարձած տնտեսական տագնապի սրացումէն ասդին երկրի Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ՝ Ռիատ Սալամէիի անունը, որպէս «մեղաւոր» դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։

 Մինչ այդ երկրի ելեւմտական համակարգի՝ «Մաէսթրո» եւ կառավարական գործարքներու եւ դրամափոխանակութեան վարպետ համարուող Սալամէ, որ կը համարուէր Լիբանանեան լիրայի թիւ մէկ հովանաւորը հանդիսացաւ «անբաղձալի տարր» մասնաւորապէս երկրի նախկին նախագահ զօր. Միշէլ Աունի, վերջինիս փեսայի՝ Ժըպրան Պասիլի եւ անոնց համախոհներուն ու նուազ շեշտերով ալ քրիստոնեայ-ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

 

 Ու այս բոլորի կողքին նկատուեցաւ, որ առնուազն ոչ բոլոր քաղաքական ուժերն էին, որ Սալամէն դատուի, անոր դէմ առկայ մեղադրանքները քննուին ու աւարտին ալ կամ պատիժ ստանայ ու զրկուի իր բարձր պաշտօնէն եւ կամ ալ արդարացուի։

 

 Այստեղ անշուշտ գոյութիւն ունի վարկած, որ Սալամէ, ոչ միայն «Ամերիկացիներու մարդ»ն է, այլ ան կը երկար ժամանակ ապահոված է Լիբանանի «Հըզպալլա» կուսակցութեան դրամական հոսքերուն օրինականացումը։

 

 Սալամէի հանդէպ առկայ, բայց չփաստուած լուրերուն կողքին երկրին մէջ տագնապը աւելիով կը սրէր, երբ լիբանանեան դրամատուներ սկսան մերժել քաղաքացիներուն վերադարձնել տարիներու ընթացքին անոնց կուտակած աւանդները։

 Գումարներ, որ միջին խաւի քաղաքացին «կաթիլ առ կաթիլ» յաջողցուցած էր հաւաքել ապահովելու համար իր «թոշակառուի կեանքը»։

 Հոս էր նաեւ, որ բացայայտ դարձաւ, թէ ինչ «խաղի» մէջ ինկած էին Լիբանանի դրամատուները, որոնք տարբեր մակարդակի ճնշումներու տակ ըլլալով, ստիպուած էին քաղաքացիներու պատկանող գումարները «տրամադրել» երկրի կառավարութեան, որն իր կարգին մտած էր մեծ հարցումներու տուն տուող գործարքներու, «տիլ»երու եւ «անհասկնալի» գործառոյթներու մէջ։

 

 Ու հարցումը, որ կը պարզուէր այստեղ այն էր, որ այս բոլորին առընթեր ինչքանով պատասխանատւութիւն մը «կ՚իյնար» նոյն Ռիատ Սալամէի ուսերուն, որ խորքին մէջ կը համարուէր լիբանանեան լիրայի «աստուած պապան»։

 

 Մէկը, որ կառավարական համակարգ մտած էր շատ կանուխէն ու շնորհիւ իր անձին շուրջ ստեղծուած վստահութեան, կարողացած էր շահիլ արաբական ծոցի երկիրներու բարեկամութիւնը ու դարձած էր նաեւ Լիբանանը իր աւերակուած վիճակէն դուրս բերած սպաննուած վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին ամենասերտ գործակիցներէն մին։

 Ճիշդ է, որ իր պաշտօնին բերումով Սալամէ չունեցաւ քաղաքական «յայտարարուած» պատկանելիութիւն ու այդ մօտեցումը ան տարաւ մինչեւ վերջ հանրութեան լայն շրջանակներուն ներկայանալով, որպէս պետականամէտ կառավարիչ եւ լիբանանեան թղթադրամի թիւ մէկ տէր ու պաշտպան...։

 Բայց եկուր տես, որ այս դրոյթները մէկ գիշերուան մէջ իր դէմ շրջուեցան եւ Ֆրանսայէն սկսեալ մինչեւ «Ինթէրբոլ» այսօր կը պահանջեն անոր «գլուխ»ը, զինք մեղադրելով, որպէս գլխաւոր համակարգողը դրուամալուացման մեծ գործարքներու ու նաեւ կասկածելի գործունէութեան մը, որուն տակ անպայմանօրէն թաքնուած է «քաղաքական երանգ»։

 

 Այստեղ է դարձեալ, որ մեծ հարց կը ծագի, թէ ի վերջոյ որո՞ւ կը ծառայէ Ռիատ Սալամէ, երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական պառակտումը եւ տարակարծութիւնները իրավիճակը դարձուցած են գրեթէ անելանելի...։

 

 Այս հարցէն անդին անշուշտ, որ բոլորին մտքերուն մէջ է այն վարկածը, որ Սալամէն կրնայ դառնալ «ընդունելի» քաւութեան նոխազ, որուն հետեւանքով ալ երկրի ֆինանսական պայքարները պիտի դադրեցուին, ու Լիբանան անցնի բոլորովին նոր փուլի մը։

Այս բոլորէն բացի, կ՚ըսուի նաեւ, որ այսօրուան դրութեամբ, բացի իր ունեցած դրամական մեծ աւանդներէն, Փարիզի կեդրոնին ու Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տիրացած յարկաբաժիններէն Սալամէ տէրն է նաեւ երկրի Ֆինանսական շուկան իր մատներուն վրայ դարձնող «մոնոփոլ» համակարգին։

 Համակարգ մը, որ իրողապէս անիշխանական դարձուց ամերիկեան տոլարի շուկան, որուն հետեւանքով ալ լիբանանեան լիրան ինկաւ նահանջի խորխորատներուն մէջ։

 

 Այստեղ պարզապէս յիշեցնելու կարգով նշեմ, որ մինչեւ թուականը 1 ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանցիք կը վճարէին 1515 թղթոսկի, իսկ այսօր անոնք 1 ամերիկեան տոլար ունենալու համար պարտաւորուած են վճարել մինչեւ 100 հազար լիրայի գումար. բան մը, որ աւելիով ծանրացուց անապահով խաւերու վիճակը ու ստեղծեց անորոշութեան շեշտերով առլցուն խոցելի ֆինանսական պատկեր մը։

 Ի վերջոյ, ո՞վ է այսօր ընթացող «խաղ»ին իրական տէրը, եւ արդեօք Ռիատ Սալամէի այդ նոյն «խաղ»էն հեռացումով կամ պաշտօնավարման աւարտով (յառաջիկայ Յուլիս ամսուան աւարտին), արդեօ՞ք Լիբանան պիտի վերադառնայ իր երբեմնի կայուն ֆինանսական իրավիճակին։

Հարցադրումը բաւականին բարդ է, մանաւանդ, որ երկրի տնտեսական հիմքերը եւ յատկապէս կառավարական ոլորտի դրամական ունակութիւնները կը գտնուին գրեթէ փլատակուած վիճակի մը մէջ, որուն հետեւանքով ալ երկրին մէջ ընկերային ցնցումները կրնան դառնալ անխուսափելի։

Աւարտին տանելով նիւթը ու նաեւ հաշուի առնելով, որ Սալամէ ամէն գնով կը մերժէ մասնակցիլ Փարիզի ֆինանսական հարցերով դատարանին կողմէ իր դէմ բացուած դատավարութեան, աւելի քան հասկնալի է, որ քաղաքական ենթաշերտեր ունեցող այս սուր պայքարին մէջ կապ ունին միջազգային մեծ խաղացողներ։

Անցեալին շատ կը խօսուէր, որ Սալամէ «ամերիկեան խաղ» մը առաջ կը տանի, աւելի ուշ խօսուդեցուեցաւ նաեւ, որ շնորհիւ իր ճարտարութեան Սալամէ կարողացաւ «Հըզպալլա»ի շուրջ գործող «դրամալուացման մեքենաաներ»ուն աշխատանքը «օրինականացնել», իսկ երրորդ կարծիքն այն է, որ այսօր տիրող կացութեամբ Սալամէն պէտք է համարել միաժանակ եւ Միացեալ Նահանգներու եւ ալ իրանեան նեցուկ ունեցող «Հըզպալլա»ի խաղադրոյքները հաւասար կերպով բաշխողը։

 

 Մինչ Ֆրանսա- «Ինթէրփոլ» եւ եւրոպական աւելի քան 15 տէրութիւններ կը պատրաստուին բերման հրամանագրեր հրապարակել Սալամէի դէմ, անդին ԱՄՆ ու «Հըզպալլա»ն կը շարունակեն լուռ, բայց «ինքնավստահ» կերպով հետեւիլ զարգացումներուն։

 Մարդ, որ իր գիտակցական կեանքի մեծագոյն տոկոսը անցուցած է Լիբանանի ելեւմտական մեծ խաղերը տնօրինելով ու երկրի տնտեսութիւնը մէկ խօսքով իր «ափերուն» մէջ պահելով այսօր կրնայ բանատրկուիլ։

 Եւ մարդ, որուն անունը հասած էր երկրի նախագահութեան սեմին, այսօր կը համարուի հալածեալ եւ մեղադրեալ «Ինթէրփոլ»ի նման մեծ կառոյցի մը կողմէ։

 Հարցադրումները շատ են, բայց հիմնական հարցումը կը շարունակէ մնալ այն, որ արդեօ՞ք «Ռիատ Սալամէի հարց»ի լուծումով պիտի փրկո՞ւի փոքրիկ Լիբանանը. Կամ թէ եղածը, պարզապէս քաղաքական արմատներ ունեցող «Քաւութեան նոխազ մը եւս» խաղի մէկ արարն է, որ իր արուակներով պիտի թափի, «Լիբանանը ձախողած երկիր» անունով ներկայացող մեծ գետի ջուրերուն մէջ։

Աւարտին կարեւոր է շեշտադրել, Ռիատ Սալամէն ընդամէնը զոհ է, այն մեծ հասարակութեան, որ կը կոչուի «մեղաւոր իշխանութիւններ», որուն կարկառուն դէմքերը, ոչ մէկ առիթով ապաշխարհութեան մասին մտածած են, ոչ ալ կը պատրաստուին մտածել։

 

Սագօ Արեան

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...