Գլխաւոր շտաբը պահանջած է իշխանութիւններուն հեռացումը, սակայն չէր կրնար ռազմական յեղաշրջում իրականացնել: Այդ մասին Ազատութեան հրապարակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարեց ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի նախկին տեղակալ, զօրավար Տիրան Խաչատրեանը:
«Ռազմական յեղաշրջու՞մ անէինք: Դուք պատկերացնո՞ւմ էք դրա ներքին ու արտաքին հետեւանքները, միջազգային հանրութեան արձագանգը, բանակը փոխանակ երկիրն ամրացնէր, թուլացնելու էր», նշեց ան:
Խօսելով իշխանութեան այն մեղադրանքին մասին, թէ ԳՇ-ն քաղաքականութիւն մտած էր, նախկին բարձրաստիճան զինուորականը նկատեց, որ այդ պարագային «բոլորս ձերբակալուած կը լինէինք»:
Լրագրողներու այն հարցին, թէ արդեօ՞ք ճիշդ է նախկին ԳՇ պետ Օնիկ Գասպարեանի այն պնդումը, որ պատերազմին 4-րդ օրը զգուշացուցած է Փաշինեանին, որ կանգնեցնէ պատերազմը, Խաչատրեանը նշեց. «Ես չեմ մասնակցել Անվտանգութեան խորհրդի այդ նիստին, բայց հաւատում եմ ԳՇ նախկին պետի խօսքերին»: