image

Ռայիսի-Փաշինեան հեռախօսազրոյց. Թեման «3+3» ձեւաչափն է

Ռայիսի-Փաշինեան հեռախօսազրոյց. Թեման  «3+3»  ձեւաչափն է

Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:

Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնեցած են, որ զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգային թեմաներուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է երկկողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ «3+3» տարածաշրջանային հարթակին վերաբերեալ. կողմերը օգտակար նկատած են Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը: