image

Փաշինեան- Թրամփ հեռախօսազրոյց. Օրակարգը՝ «ԹՐԻՓ»ն էր

Փաշինեան- Թրամփ հեռախօսազրոյց. Օրակարգը՝ «ԹՐԻՓ»ն էր

Տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։

Վարչապետ Փաշինեանը նախագահ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնած է 2025թ. օգոստոս 8-ի Խաղաղութեան գագաթնաժողովը Ուաշինկթընի մէջ՝ Սպիտակ տան մէջ կազմակերպելու, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու կողմէ ընդունուած Խաղաղութեան հռչակագիրը որպէս վկայ ստորագրելու համար՝ ընդգծելով նախագահ Թրամփի անձնական ջանքերու որոշիչ նշանակութիւնը խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ։

Զրուցակիցներն ուրախութեամբ արձանագրած են, որ Ուաշինկթընի Խաղաղութեան գագաթնաժողովը յանգեցուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրական խաղաղութեան, որ կը տեսնեն եւ կը զգան երկու երկիրներու ժողովուրդները։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած է TRIPP նախագիծի իրականացման ներկայ վիճակը։ Վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Թրամփը վերահաստատած են TRIPP-ի կառուցման աշխատանքները մօտ ապագային սկսելու իրենց հաստատակամութիւնը։

Քննարկուած են նաեւ Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ եւ միջազգային օրակարգի այլ հարցեր։