Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու Վեհափառին, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին իր յղած Օրհնութեան Գիրին համար: Պատուիրակութեան մաս կազմած են ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եւ «Զարթօնք»ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան եւ Տիար Վարդան Ուզունեան:Այցելութիւնը առիթ եղած է Վեհափառին հետ արծարծելու հայութիւնը եւ կուսակցութիւնը յուզող հարցեր:Վեհափառը շնորհաւորելով ՌԱԿ Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը, վերահաստատեց իր կեցուածքը՝ Սփիւռքեան Հայ Երեք քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութեան կարեւորութեան վերաբերեալ, որ եկեղեցիին կողքին անզուգական դեր ունեցած են սփիւռքահայութեան կեանքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ:Վեհափառը շեշտը դրած է կուսակցութիւններու միջեւ համերաշխ գործունէութեան կարեւորութեան վրայ, յօգուտ Հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներու հետապնդման: Սեւակ Յակոբեան, Արամ Ա. Վեհափառին փոխանցած է ՌԱԿ-ի վճռակամութիւնը՝ մէկ կողմ դնելու անցեալի վերաբերող ամէն բարդոյթ եւ լաւագոյն յարաբերութեան մէջ ըլլալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, շեշտելով, որ «եկեղեցական տագնապը» այլեւս պատմութեան կը պատկանի, ի տես Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները համարուող երկու կաթողիկոսութիւններու գահակալներուն եղբայրական գործակցութեան: Իր կարգին, Վարդան Ուզունեան Վեհափառ հօր յանձնած է ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին անունով յատուկ յուշանուէրը:
Լուրի աղբիւր ՝ «Զարթօնք» օրաթերթ