image

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւն մը այցելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան   պատուիրակութիւն մը   այցելած է  Արամ Ա.  Կաթողիկոսին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութիւնը  ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, այցելութիւն  տուած  է  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու Վեհափառին, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին իր յղած Օրհնութեան Գիրին համար: Պատուիրակութեան մաս կազմած են ՌԱԿ  Կեդրոնական Վարչութեան  ատենադպիր    եւ  «Զարթօնք»ի խմբագիր  Սեւակ  Յակոբեան  եւ  Տիար  Վարդան Ուզունեան:Այցելութիւնը առիթ  եղած է   Վեհափառին  հետ արծարծելու  հայութիւնը   եւ  կուսակցութիւնը  յուզող հարցեր:Վեհափառը շնորհաւորելով ՌԱԿ Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը, վերահաստատեց իր կեցուածքը՝ Սփիւռքեան Հայ Երեք քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութեան կարեւորութեան վերաբերեալ, որ եկեղեցիին կողքին անզուգական դեր ունեցած են սփիւռքահայութեան կեանքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ:Վեհափառը շեշտը դրած է  կուսակցութիւններու միջեւ համերաշխ գործունէութեան կարեւորութեան վրայ, յօգուտ Հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներու  հետապնդման:  Սեւակ Յակոբեան, Արամ Ա. Վեհափառին փոխանցած է  ՌԱԿ-ի վճռակամութիւնը՝ մէկ կողմ դնելու անցեալի վերաբերող ամէն բարդոյթ եւ լաւագոյն յարաբերութեան մէջ ըլլալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, շեշտելով, որ «եկեղեցական տագնապը» այլեւս պատմութեան կը պատկանի, ի տես Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները համարուող երկու կաթողիկոսութիւններու գահակալներուն եղբայրական գործակցութեան: Իր կարգին, Վարդան Ուզունեան Վեհափառ հօր յանձնած է  ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին անունով յատուկ յուշանուէրը:

 

 Լուրի աղբիւր ՝ «Զարթօնք»  օրաթերթ