image

Ռաֆահի վրայ յարձակումը անընդունելի է. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

Ռաֆահի վրայ յարձակումը անընդունելի է. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը Իսրայէլի վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներուն կոչ ըրած է ամէն ինչ անելու Ռաֆահի մէջ ռազմական գործողութիւնը կանխելու համար։

Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։ 

«Ռաֆահի վրայ ռազմական յարձակումը անընդունելի մագլցում պիտի ըլլայ, որ պիտի սպանէ եւս հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ եւ հարիւր հազարաւորներու փախուստի պիտի յանգեցնէ», -ըսած է Կութերեշը:

«Այդ կործանարար հետեւանքներ պիտի ունենայ Կազայի հատուածին մէջ գտնուող պաղեստինցիներու համար եւ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ գրաւեալ Արեւմտեան ափին եւ ողջ տարածաշրջանին մէջ:

Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամները եւ շատ այլ կառավարութիւններ յստակօրէն արտայայտած են իրենց անհամաձայնութիւնը նման գործողութեան առթիւ: Ես կոչ կ՚ընեմ բոլոր անոնց, որոնք ազդեցութիւն ունին Իսրայէլի վրայ, ամէն ինչ ընելու յարձակումը կանխելու համար»,- ընդգծած է ան։

Կութերեշ ըսած է, որ աւելի քան 1,2 միլիոն մարդ այժմ ապաստան կը փնտռ է Ռաֆահի մէջ, որոնց մեծ մասը կը փախի Իսրայէլի ռմբակոծութիւններէն։

Ռմբակոծութիւններու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 34,000 մարդ: