image

Քուրսքի ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ուքրանական կողմը կորսնցուցած է 8,200 զինուորական. Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Քուրսքի ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ուքրանական կողմը կորսնցուցած է 8,200 զինուորական. Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւն

Քուրսքի ուղղութեամբ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ուքրանական կողմը կորսնցուցած է 8,200 զինուորական եւ 76 հրասայլ, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նշուած է նաեւ, որ ոչնչացուած են ուքրանական զինուժին պատկանող 36 հետեւակի մարտական մեքենայ, 67 զրահափոխադրիչ, 521 զրահապատ մարտական մեքենայ, 242 մարտական ինքնաշարժ, հրետանային 56 զինատեսակ, 4 РСЗО HIMARS եւ 2 MLRS ամերիկեան բազմակի արձակման հրթիռային համակարգ, զենիթահրթիռային համակարգերու 5 կայան, ռատիօ ելեկտրոնային պայքարի 12 կայան։