image
Հրատապ լուրեր:

Քրիստիան Թորոսեան Կամ ... «Միայն Թէ Օդին Մէջ Չմնայ» (Լուսանկարներ)

Քրիստիան  Թորոսեան Կամ ... «Միայն Թէ Օդին Մէջ Չմնայ»  (Լուսանկարներ)

 Արժանթին-  Քրիստիան Թորոսեան անունով  հայ աճպարարը   Պուէնոս Այրեսի Սան Մարթին հրապարակին վրայ ցուցադրած է  հնարք մը` 100 վայրկեան կախուած մնալով օդի մէջ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:  «Միայն Թէ Օդին  Մէջ Չմնայ» կարգախօսով իրականացած  «արարք»ը  լուսաբանած է արժանթինական  Dia a Dia պարբերականը` ընդգծելով, որ 2013-ին Քրիստիան Թորոսեանը պարգեւատրուած է Քորտովայի մէջ իր հասարակական աջակցութեան համար: Քրիստիան Թորոսեան Քորտովա նահանգին մէջ յայտնի է իր  մասնագիտական աճպարարութեամբ, այդ իսկ պատճառով ալ վերոնշեալ բաժինը ընտրած իբրեւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման եղանակ:Միեւնոյն ժամանակ, մինչ ան կը ցուցադրէր իր հնարքը, խումբ մը երիտասարդներ բոլոր հետաքրքրուողներուն եւ  լուսանկարուիլ փափաքողներուն բաժնած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ոգեկոչման  յետագայ ձեռնարկներու մասին պատմող տեղեկատուական թերթիկներ: