image
Հրատապ լուրեր:

Պուրճ Համուտի մէջ նոր ծրագիրներ. Քաղաքապետարան այցելած է Լեհաստանի դեսպանուհին (Լուսանկարներ)

 Պուրճ Համուտի   մէջ նոր ծրագիրներ. Քաղաքապետարան այցելած է Լեհաստանի դեսպանուհին  (Լուսանկարներ)

Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Տիկին Ալեքսանտրա Պուքովսքա-Մաքապի օրերս այցելութիւն տուած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան,  եւ ընդունուած քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեանին կողմէ։

 Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դիմատետրեան էջէն։

Արաբերէնէ թարգմանելով  կատարուած լրատւութիւնը զայն կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելած  Լեհաստանի դեսպանուհին, որ ընդունուեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի կողմէ , իր հիացմունքը յայտնեց կատարուած  աշխատանքներուն եւ իրականացուած ծրագիրներուն համար, որոնք իրականացուած են Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան եւ   Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին միջեւ եղած համագործակցութեան արդիւնքով։Հանդիպումին ներկայ եղան դեսպանատան եւ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ Տիկին Լէյտի Հապշի եւ ճարտարապետ Էլիաս Ապի Նաժմ, ՄԱԿ-ի Մարդկային բնակավայրերու ծրագրին կողմէ (UNHABITAT): 

 Իր կարգին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց դեսպանատան աջակցութեան՝ UNHABITAT-ի միջոցով Պուրճ Համուտի մէջ իրականացուող շարք մը ծրագիրներուն համար, որոնցմէ ամէնակարեւորն էր Մարաշի թաղամասի կարգ մը փողոցներու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի Քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոնի վերականգնման ու զայն մեքենաներով ու արդիական սարքերով մատակարարելուն համար։

 Դեսպանը տեղեկութիւն խնդրեց հետաքրքրուելով քաղաքապետարանին եւ ընդհանրապէս շրջանի  դիմագրաւած խնդիրներուն  եւ ամէնակարեւոր մարտահրաւէրներուն մասին: Ապա ան գետնի վրայ այցելեց վերոյիշեալ ծրագիրներու վայրերը՝ իր հիացմունքը արտայայտելով ձեռք բերուած արդիւնքներուն համար , ու նաեւ յոյս յայտնելով, որ եռակողմ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ապագային նոյնպէս՝ նմանատիպ ծրագիրներուն յաջողութիւն ապահովելու համար: