image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ փոխնախագահ Վենսը տիկնոջ հետ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր

ԱՄՆ փոխնախագահ Վենսը տիկնոջ հետ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը տիկնոջ՝ Ուշա Վենսի հետ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը դիմաւորած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը, ՀՀ ԿԳՄՍ նախարար Ժաննա Անդրէասեանը եւ ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենը:

Ճէյ Տի Վենսը ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ դրած են անմար կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Այցի աւարտին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը գրառում կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, նշելով՝ «Կորսուած կեանքերու հանդէպ խորին յարգանքի յիշատակով մենք կը պատուենք հայ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու անսասան ոգին։ Թող Ամերիկան եւ Հայաստանը միասին ձգտին խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման ապագայի»:

Յիշեցնենք՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյմս Տի Վենսը ստորագրած են «Միջուկային ուժանիւթի խաղաղ նպատակներով օգտագործման ոլորտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան միջեւ համագործակցութեան մասին» համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտի վերաբերեալ համատեղ յայտարարութիւնը։