Ուքրանիոյ իշխանութիւնները դեռ կրնան ընդունիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ խաղաղ կարգաւորման առաջարկները, հակառակ պարագային ռուսական զօրքերու յարձակումը պիտի շարունակուի, եւ իրավիճակը պիտի փոխուի ոչ յօգուտ Քիեւի։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ։
«Եթէ խօսիմ ուղիղ եւ անկեղծ, կը կարծեմ, որ նախագահն ամէն ինչ ըսած է այս մասին, որ իւրաքանչիւր յաջորդ առաջարկ, որ պիտի ներկայացուի Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ Ուքրանիոյ ներկայիս իշխանութիւններուն, անկախ անկէ, թէ ինչպէս կը վերաբերինք անոնց, պիտի ըլլայ նախորդէն աւելի վատ: Հետեւաբար, այժմ անոնք հնարաւորութիւն ունին ընդունելու այս առաջարկ, որ ձեւակերպած է Վլատիմիր Փութինը, եւ, ամէն պարագայի, փորձել խաղաղութիւն հաստատել՝ վերջ տալով հակամարտութեան այս հատուածին»,-ըսած է ան։
Հակառակ պարագային, շարունակած է Մետվետեւ, Ռուսիոյ յարձակողական գործողութիւնները պիտի շարունակուին։
«Իսկ թէ ուր կ՚աւարտի այն գօտիի սահմանը, որու մասին խօսած է մեր երկրի նախագահը, դժուար է ըսել: Այդ ամէնը ձեռնտու պիտի չըլլայ ուքրանական ներկայիս իշխանութիւններուն: Այնպէս որ անոնք պէտք է շտապեն, քանի դեռ նման հնարաւորութիւն կայ»,- աւելցուցած է ան: